12 June, 2018

ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ն․Ս․ ՄԱՐ ԱՖՐԱՄ Բ․ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երեքշաբթի, 12 Յունիս 2018-ի առաւօտեան, Պիքֆայայի Ս․ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ՝ Նորին Սրբութիւն Մար Աֆրամ Բ․ Պատրիարքին։

 

Երկու հոգեւոր պետերուն հանդիպումը առիթ մըն էր ընդհանուր ակնարկ մը նետելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ ներկայ կացութեան եւ երկու եկեղեցիներու գործակցութեան։

 

Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցան, յառաջիկայ շաբաթ, ղպտի եկեղեցւոյ պատրիարքին, ասորի եկեղեցւոյ պատրիարքին եւ Արամ Ա․ Կաթողիկոսին միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպման օրակարգի հարցերը։

More News