27 May, 2018

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ

 

«ՄԱՅԻՍ 28-Ի ՈԳԻՆ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՐՁՆԵԼ ՀԵՆՔԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ, ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՄԱՐՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

 

Կիրակի, 27 Մայիս 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ՝ նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին։ Օրուան պատարագիչն էր Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանը։ Պատարագին ներկայ էին, մեծ թիւով հաւատացեալներու կողքին, պետական երեսփոխաններ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ ազգային մարմիններու անդամներ։

 

Պատարագի ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, նախ տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք եւ ապա եռագոյն դրօշի օրհնութիւն։ Եռագոյն դրօշը միաբան հայրերու կողմէ բարձրացաւ Ս. Խորանին առջեւ եւ Նորին Սրբութիւնը եռագոյն դրօշին առջեւ աղօթք կատարելէ ետք օրհնեց զայն՝ խնդրելով Աստուծմէ, որ ան միշտ ծածանի հայութեան վերեւ՝ որպէս խորհրդանշան ամբողջական հայութեան՝ ամբողջական Հայաստանի։

 

 

Արարողութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական պատգամը տուաւ ժողովուրդին։ Հայրապետը իր պատգամը սկսաւ՝ յիշելով «գերիներուն ազատութիւն բերելու» Քրիստոսի առաքելութեան նշանաբանով։ Ան ըսաւ, թէ ազատութիւնը Աստուածատուր պարգեւ է. մարդիկ իրաւունք չունին զայն խլելու։ Հայրապետը յիշեցուց, թէ հայ եկեղեցին ա՛յս յանձնառութեամբ բոլոր ժամանակներու Ղեւոնդ Երէցներու ու Խրիմեան Հայրիկներու օրինակով գործած է, նոյնիսկ իր արիւնը թափած «վասն ազատութեան ազգիս հայոց»։ Նոյն ոգիով հայ եկեղեցին մասնակից դարձաւ, հայ զինուորի կողքին, 1918-ին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն եւ իր կարեւոր դերը ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան վերակերտման մէջ։

 

Ապա, Նորին Սրբութիւնը խօսելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին յայտնեց, որ թէեւ աշխարհաքաղաքական բարդ պայմաններու պարտադրանքներու տակ եւ մեկնելով ազգին ու հայրենիքին գերագոյն շահերէն, Հայաստանի իշխանութիւնը տեղի տուաւ ամբողջատիրական վարչակարգին ու Հայաստան կորսնցուց իր անկախութիւնը, սակայն եռագոյնով խորհրդանշուող Հայաստանի անկախութիւնը, որպէս ոգի, գաղափարախօսութիւն, յոյս ու տեսիլք, մնաց խորապէս արմատացած հայրենիքի ժողովուրդին սրտին մէջ ու սերտօրէն շաղախուած Սփիւռքի հայութեան կեանքին հետ։ Այս առնչութեամբ, «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եղաւ ամուր պահապանը ու անվեհեր քարոզիչը եռագոյնի խորհուրդին ու պատգամին։ Այս ոգիով ու տեսլականով սերունդներ կազմաւորուեցան մեր Դպրեվանքէն ներս ու դարձան քաջ վկաները ազատ ու անկախ Հայաստանին՝ ամբողջական Հայաստանին ամբողջական հայութեամբ։ Նո՛յն ոգիով մեր Ս. Աթոռը 1991-ին Հայաստանի վերանկախացումը ջերմօրէն ողջունեց՝ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելով Հայաստանի անկախութեան ամրացման ու պետութեան կազմակերպման համազգային առաքելութեան», նշեց Վեհափառ Հայրապետը։

 

Անդրադառնալով Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին այժմէական պատգամին, Հայրապետը թուեց երեք հիմնական կէտեր.-

Առաջին հերթին, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ անկախութիւնը արիւնով ձեռք կը ձգուի, սակայն քրտինքով, հաւատքով ու յստակ տեսլականով կը պահուի։ Առ այդ, այսօր եւս, Հայաստանի անկախութեան պահպանումը դիւրին չէ, նկատի ունենալով ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրները, ինչպէս պատերազմ, տնտեսական լուրջ դժուարութիւններ, արտագաղթ եւ այլն։ Ան շարունակեց, որ հակառակ այս մարտահրաւէրներուն, հարկ է կառչած մնալ հայրենի հողին, ամրացնել Հայաստանի պետութեան հիմքերը, զարկ տալ Հայաստանի տնտեսութեան ու ծաւալել անոր միջազգային յարաբերութիւնները, որոնք կրնան նպաստել պետութեան հզօրացման ու մեր ազգային պահանջատիրութեան։

Խօսելով Սփիւռքի կարողականութիւնն ու կարելիութիւնները ճիշդ ձեւով հունաւորելու մասին, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Սփիւռքը հսկայ ներուժ ունի իր ազգային, քաղաքական, մշակութային ու հոգեւոր հարուստ փորձառութեամբ ու զանազան բնագաւառներու մէջ մեծ թիւով մասնագէտներու ու փորձագէտներու շնորհիւ։ Սփիւռքը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի անկախութեան ու հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն զօրեղ պաշտպանը։ Սակայն այս բոլորը ի զուր կը մնան, եթէ Սփիւռքը չկարենայ իր ներուժը ճիշդ ու ամբողջական կերպով արդիւնաւորել ի նպաստ Հայաստանի Հանրապետութեան ու ազգային շահերուն։ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Սփիւռքը հարկ է իր ներուժը համախմբէ համասփիւռքեան ու համահայկական տոկուն հարթակի վրայ, ամուր առանցքի ու յստակ օրակարգի շուրջ. ան յիշեցուց, որ Սփիւռքի ներուժը սոսկ բարեսիրական ոլորտին մէջ չէ, այլ Հայաստանի ու մանաւանդ համահայկական խնդիրներու ոլորտներուն մէջ։

Եւ վերջապէս, Կաթողիկոսը իր պատգամին մէջ յատուկ կերպով ընդգծեց Հայաստանի հզօրացման խնդիրը, որ պիտի իրականանայ Արցախի ամրացումով ու Սփիւռքի կազմակերպութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ հզօր Հայաստանի տեսլականը պէտք է վերածուի ազգային գաղափարախօսութեան, մարտավարութեան ու ռազմավարութեան։

Վեհափառ Հայրապետը  իր պատգամը եզրափակեց ըսելով. «Խորապէս կը հաւատանք, որ Հայաստանը աւելի՛ կը ծաղկի ու կը հզօրանայ իր Արցախով, եւ Սփիւռքը աւելի՛ կը կազմակերպուի երբ համախմբուինք մեր տագնապները, մարտահրաւէրները ու պահանջատիրութիւնը ներառող համազգային օրակարգի մը շուրջ՝ դերերու յստակեցումով ու աշխատանքի բաժանումով լծուելով հաւաքական աշխատանքի։ Ահա՛ պատգամը Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին»։

 

Ս. եւ անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, ընդառաջելով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ջերմ փափաքին, տեղի ունեցաւ սկաուտական տողանցք՝ գլխաւորութեամբ շեփորախումբին։ Ազգային խանդավառութիւն ստեղծած ու Մայիս 28-ի ոգին անգամ մը եւս ներկաներուն կեանքին մէջ ապրեցուցած տողանցքէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց՝ գնահատելով Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, ինչպէս նաեւ մեր այն բոլոր մարզական միութիւնները, որոնք մեր բոլոր գաղութներէն ներս՝ թէ՛ Մայիս 28-ին եւ թէ այլ ազգային տօնախմբութեան առիթներով, մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ վառ կը պահեն մեր ազգային արժէքներն ու ձգտումները։

More News