25 Մայիսի, 2018

ՀԱԼԷՊԻ ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿՍԱՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Աղօթքով եւ օրհնութեամբ մեկնարկուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդանիստ Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը, Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018-ի կէսօրին, Հալէպ:

Սուրիահայութեան հոգեւոր-մշակութային խորհրդանիշ Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին նաեւ պատմական ու հնագիտական յատուկ արժէք կը ներկայացնէ ո՛չ միայն հայութեան ու քրիտոնէութեան, այլեւ սուրիական դարաւոր պատմութեան ու բազմաշերտ մշակոյթին: Հայ ուխտաւորներ Երուսաղէմի ճամբու ընթացքին, Հալէպի հոգետան մէջ կը հանգչէին եւ Ս. Քառասնից Մանկանց փոքր եկեղեցւոյ մէջ աղօթք ու պատարագ կը մատուցէին: Հայկական եւ օտար գրական վկայութիւններ ու արձանագրութիւններ կը յիշեն ու կը նկարագրեն եկեղեցւոյ ընդարձակուիլը եւ վերածուիլը թեմական մայր եկեղեցւոյ:

Սուրիական տագնապին ու պատերազմին, երկրի աւերածութեան անմասն չմնացին հայկական եկեղեցիները, կրթական կառոյցներն ու համայնքապատկան շէնքերը: Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին ու շրջակայքը, ինչպէս Հալէպի Ս. Գէորգն ու Տէր Զօրի Ս. Նահատակացը, մեծ վնասներ կրեց:

Հալէպ քաղաքի ազատագրումէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութիւն կատարեց (4-8 Յունուար 2017) տառապած ժողովուրդի զաւակներուն, իր ներկայութեամբ ու պատգամներով գօտեպնդեց զանոնք, յատկապէս հրաւիրեց վերականգնելու թեմական կառոյցները: Նորին Սրբութիւնը երկրի վսեմաշուք նախագահին՝ Տոքթ. Պաշշար Ալ Ասատին տուած պաշտօնական այցելութեան եւս խօսեցաւ Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ վերաշինութեան կարեւորութեան մասին: Նոյն տարուան Ապրիլի աւարտին, Հայրապետին հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ վերականգնումի խորհրդաժողով, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, ուր խօսուեցաւ մայր եկեղեցւոյ ու ազգային առաջնորդարանի վերաշինութեան մասին:

Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Ազգ. Իշխանութիւնը թեմի վերականգնումի ու վերաշինութեան ծրագիրները մշակեցին: Սրբազան Հօր անմիջական հսկողութեամբ յատուկ յանձնախումբ մը պատրաստեց եկեղեցւոյ վերաշինութեան թղթածրարը:

Այս տարուան Ապրիլ ամսուն, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ, սուրիահայ միութիւններ պաշտօպական այցելութիւն տուին Առաջին Տիկնոջ՝ Ասմա Ալ Ասատին եւ յատուկ առիթ ընծայուեցաւ տեսակցելու Վսեմաշուք Նախագահին: Սրբազան Հայրը ներկայացուց վերականգնումի ընդարձակ ծրագիրը, նաեւ եկեղեցւոյ վերաշինութեան խնդիրը: Պրն. Նախագահին քաջալերանքն ու անմիջական բոլոր տեսակի դիւրութիւններ ընծայելու պատրաստակամութիւնը խթանեցին աշխատանքի արագացման:

Այսպէս, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Ազգ. Կրօնական եւ Վարչութեան անդամները, համախմբուեցան Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Հոգեւորականաց դասը, գլխաւորութեամբ Սրբազան Հօր, եկեղեցական յատուկ արարողութիւն մը կատարեց, եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը Աստուծոյ օգնականութեամբ իրագործելու աղօթքներ վերառաքեց ու քաղցրահունչ շարականներ երգեց: Սրբազան Հայրը մեկնարկին առնչութեամբ խօսելով, շեշտեց «հաւատքով, աշխատասիրութեամբ եւ միասնական ճիգով վերականգնելու Աստուծոյ ու ազգի տունը» եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց Վսեմաշուք Նախագահին, Վեհափառ Հայրապետին եւ բարերարներուն: Յիշեցնենք, որ շինարարական ծախսերուն թթխմորը հալէպաբնակ հայ հաւատացեալներ կատարեցին, իրենց «լուման» ձգելով «տաճարի գանձանակին» մէջ:

Անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ եկեղեցաշինութեան նուիրական գործին կրնան իրենց օժանդակութիւնները փոխանցել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին ճամբով կամ ուղղակի Բերիոյ Հայոց Թեմին, Ազգ. Առաջնորդարան, Հալէպ:

Ազգի բոլոր զաւակներուն մասնակցութեամբ «եկայք շինեսցուք սուրբ զխորանն լուսոյ»:

More News