14 May, 2018

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 9 Մայիս 2018-ին, Տհուր Շուէյրի Աւետարանական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Միջազգային միջ-եկեղեցական երիտասարդական հաւաքի յանձնախումբի եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի պատասխանատուներուն ու խորհուրդի գործակիցներու ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպում մը, որուն նպատակն էր յառաջիկային տեղի ունենալիք Միջազգային միջ-եկեղեցական երիտասարդական հաւաքի ծրագիրին մանրամասնութիւնները փոխանցել ներկաներուն եւ լուսաբանել անոնց հարցումները։

 

Հանդիպումը առիթ ընծայեց նաեւ օտար հիւրերուն ծանօթանալու Լիբանանի եկեղեցիներուն. այս առիթով միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան ներկայացուց Հայ եկեղեցին, ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ իր դարաւոր անցեալով եւ ներկայ իրավիճակով։

More News