5 Մայիսի, 2018

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ Ապտալլա Բ. Թագաւորին միջ-կրօնական երկխօսութեան կեդրոնին, Ամմանի մէջ 2 Մայիս 2018-ին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ու իսլամ կրօններու ներկայացուցիչներու միջեւ։ Նման հանդիպում մը դարձեալ տեղի ունեցած էր ամիսներ առաջ։ Յիշեալ հանդիպումին նպատակն էր՝ թէ ինչպէ՞ս կարելի է երկխօսութենէ անդին գործակցութիւն յառաջացնել քրիստոնեայ ու իսլամ համայնքներու միջեւ եւ այս ծիրէն ներս ի՞նչ կրնայ ըլլալ դերակատարութիւնը հոգեւոր պետերուն։

 

Հանդիպումին իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ լիբանանեան համալսարանի իսլամ գրականութեան բաժանմունքի դասախօս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ՝ Դոկտ. Ժան Սալմանեան։

More News