30 April, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՔՈՎ ՈՒ ՀԱՄԱԽՈՀԱԿԱՆ ՈԳԻՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ՃԳՆԱԺԱՄԷՆ ԴՈՒՐՍ ԲԵՐՈՂ ՃԻԳԵՐԸ

Երկուշաբթի, 30 Ապրիլ 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իրեն այցելող հիւրերուն անդրադառնալով Հայաստանէն ներս ստեղծուած ներկայ կացութեան, կարեւորութեամբ շեշտեց թէ «կ՚ողջունեմ սահմանադրական գործընթացքներով ու համախոհական ոգիով Հայաստանը ներկայ քաղաքական ճգնաժամէն դուրս բերելու ձգտող բոլոր կողմերուն իմաստութիւնն ու յանձնառութիւնը»։ Շարունակելով իր խօսքը, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Ա՛յս է Հայաստանը դէպի հզօրացում, ու մեր ժողովուրդը, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, դէպի միասնականութիւն առաջնորդող ապահով ճամբան»։

More News