30 April, 2018

«ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՄԻԱՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԱՌՈՅՑ ՉԷ՛ ԵՂԱԾ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ, ԱՅԼ ՆԱԵՒ ԻՐ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՏԵՂԸ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԵՒ ՈՒՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 29 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» եւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբերը Ազգային Միացեալ Վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլին Խաչատուրեան» սրահին մէջ հանդէս եկան «Ազգային Երգերու Համերգ»ով, որ ձօնուած էր Վեհափառ Հայրապետին քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 50-ամեակին։

Խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանին, զոյգ երգչախումբերը, շուրջ երկու ժամուան տեւողութեան վրայ, աւելի քան հազար ներկաներու հրամցուցին փունջ մը հայկական ազգային երգեր, ինչպէս՝ «Ազգ Փառապանծ», «Հայրենի Կարօտ», «Հերոսների Կենացը», «Հարի Հարալօ» եւ այլն։ Առաջին հերթին ելոյթ ունեցաւ «Շնորհալի» երգչախումբը իր աւելի քան 40 անդամներով, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ «Արմաշ»-ը իր 20-է աւելի անդամներով, իսկ աւարտին զոյգ երգչախումբերը միացան ու թնդացուցին բեմը հայրենաշունջ երգերով։ Նշենք, որ իրենց բանաստեղծական կատարումներով երեկոն հմայեցին դպրեվանեցի երկու սաներ՝ տուտուկի ու դաշնամուրի ընկերակցութեամբ։

Համերգի աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս բեմ բարձրանալով տուաւ իր հայրապետական պատգամը։ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց խմբավար հայր սուրբը, որ մէկ տարուան ընթացքին Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի հսկողութեան տակ յաջողեցաւ իրականցնել այս համերգը ու բարի երթ մաղթեց անոր երաժշտական ասպարէզին մէջ՝ թելադրելով, որ միշտ լաւէն լաւագոյնին ձգտի։ Հայրապետը նշեց, որ պատմութեան ընթացքին հայ եկեղեցին միայն հոգեւոր կառոյց չէ՛ եղած, այլ իր կեդրոնական ներդրումը ունեցած է հայ գիրին, գրականութեան, մշակոյթին, արուեստին, մինչեւ իսկ յեղափոխական կեանքին մէջ։

Աւարտին, հանդիսատեսները սրահէն բաժնուեցաւ «Կիլիկիա» քայլերգի երգեցողութեամբ։

More News