29 Ապրիլի, 2018

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Շաբաթ, 28 Ապրիլ 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ՝ Թաներ Աքչամի, ընկերակցութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի քաղաքական գիտութեանց դասախօս՝ Յովհաննէս Կէօքճեանի։

Դոկտ. Թաներ Աքչամ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց ցեղասպանութեան մասին հրատարակած իր նոր գիրքը եւ պարզեց յառաջիկայի իր ծրագիրները նոյն մարզէն ներս։

Յայտնենք, որ Դոկտ. Թաներ Աքչամ մօտէն ծանօթ է Նորին Սրբութեան։ Ան զանազան առիթներով այցելած է Անթիլիասի Մայրավանք եւ անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թուրքիոյ դէմ բացած Սիսի Կաթողիկոսարանի դատի իրաւական յանձնախումբին։

More News