28 Ապրիլի, 2018

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 28 Ապրիլ 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի այցելեց Ֆրանսայի եպիսկոպոսներու խորհուրդի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան յանձնաժողովը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը եւ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին հոգեւորականներ եւ համալսարանի դասախօսներ։

 

Այցելութեան նպատակն էր մօտէն տեղեակ դառնալ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան առնչուած խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ու յատկապէս Լիբանանի մէջ։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ նախ անդրադարձաւ Միջին Արւելքէն ներս հայ եկեղեցւոյ ներկայութեան՝ ընդգծելով կարգ մը յատկանշական երեւոյթներ ու իրողութիւններ՝ մասնաւորաբար ծանրանալով ցեղասպանութեան ու անոր հետեւանքներուն վրայ։ Ապա Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու համակեցութեան մասին՝ նշելով շարք երեւոյթներ ու խնդիրներ։ Այս ծիրէն ներս Հայրեպտը նաեւ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ Կիլիկիա ու Միջին Արեւելք, հայ ժողովուրդը գոյակցած է իսլամութեան հետ՝ փոխադարձ յարգանքի ու հանդուրժողութեան ոգիով։

 

Իր խօսքի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն, ապա պատուիրակութիւնը շրջեցաւ Մայրավանքի զանազան բաժանմունքները եւ մօտէն տեղեակ դարձաւ Ս. Աթոռին առաքելութեան։

More News