17 April, 2018

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐՆՆԵՐԸ Կ՚ՈՂՈՂՈՒԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԵՒ ՕՏԱՐ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐՈՎ

Շաբաթ, 14 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 5-էն սկսեալ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զոյգ թանգարանները՝ Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանը ու Ժիպէյլի Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը իրենց դռները լայն բացած էին աւելի քան 1000 այցելուներու դիմաց, որոնք թանգարանները կ՚այցելէին Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարութեան կազմակերպած «Թանգարաններու Գիշեր» ձեռնարկի շրջագիծին մէջ։

Արդարեւ, այս առաջին տարին չէր, որ Կաթողիկոսարանի թանգարանները կը մասնակցէին «Թանգարաններու Գիշեր» ձեռնարկին, իսկ տարուէ տարի անոնց այցելուներուն թիւը աճ կ՚արձանագրէ։

Այցելուները Կաթողիկոսարանի թանգարանները ժամանած էին թէ՛ Լիբանանի զանազան շրջաններէն եւ թէ օտար երկիրներէ Լիբանան ժամանածները, որոնք եկած էին մասնակցելու «Թանգարաններու Գիշեր» համաշխարհային ձեռնարկին։ Անոնցմէ շատեր իրենց տպաւորութիւնները արձանագրած էին թանգարաններու մուտքին զետեղուած յուշատետրին մէջ։

More News