13 April, 2018

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Ուրբաթ, 13 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ մեթր Պերճ Սեդրակեանը եւ երկար հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն շուրջ։ Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու հրամայականը։

More News