11 Ապրիլի, 2018

«ՏՈՔԹ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐՈԱԻՔ ԿԱՐԵՒՈՐԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ -ԿՐԹԱԿԱՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնած ու գլխաւորած «Տոքթ. Յարութիւն եւ Վերոնիք Կարեւորեան» հիմնադրամը այս տարի եւս մշակութային ու կրթական ծրագիրներու յատկեցումներ կը կատարէ։

 

Ֆրանսերէն գիրքի մը հրատարակութեան առընթեր, հիմնադրամը ֆրանսական թեքում ունեցող հետեւեալ դպրոցներուն որոշած է յատկացումներ կատարել.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք, Հայ Կաթողիկէ Հռիփսիմեանց Վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարան եւ Ազգային Միացեալ Վարժարան։

 

Յայտնենք, որ սոյն հիմնադրամի յանձնախումբին մաս կը կազմեն Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Տիկ. Վերոնիք Կարեւորեան եւ Տիկ. Միմի Եոզկաթեան։

More News