29 March, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝

ՄԱՐԴՈՒՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄԸ ՄԵՂՔԷՆ

 

 

 

Կորնթոսի նորադարձ քրիստոնեաներու մտքին մէջ շփոթ կար, անորոշութիւն կը տիրէր Քրիստոսի յարութեան մասին։ Կորնթոսի նորահաստատ եկեղեցւոյ ուղղած իր առաջին նամակին մէջ, Պօղոս Առաքեալի մօտեցումը կ’ըլլայ յստակ.- Քրիստոսի յարութիւնը իրողութիւն է, որովհետեւ ան հիմնուած է ականատեսի վկայութիւններուն եւ Աւետարանի ուսուցումներուն վրայ։ Ապա Առաքեալը կ’աւելցնէ թէ՝ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, թաղուեցաւ եւ յարութիւն առաւ եւ, հետեւաբար, քրիստոնէական հաւատքը պիտի կորսնցնէր իր իմաստը եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար (Ա. Կորնթ. 15)։ Յարութեան մասին Առաքեալին տուած բացատրութիւններուն մէջ կարեւոր է ընդգծել հետեւեալ շեշտը թէ՝ Քրիստոսի խաչելութեան, թաղման ու յարութեան դրդապատճառը մարդուն մեղքն է, եւ անոր նպատակը՝ մեղքին մաքրութիւնն է։

Սուրբ Գրային հասկացողութեամբ մեղանչել կը նշանակէ՝

— Աստուծոյ օրէնքին նկատմամբ անհնազանդութիւն։ Մեղքը աշխարհ մտաւ Ադամին ու Եւային անհնազանդութեան հետեւանքով (Ծնն. 3)։ Տասնաբանեայ Պատուիրանները (Ելից 20), Հին Կտակարանին մէջ Աստուծոյ հնազանդութեան հիմքը կը կազմէին եւ հետեւաբար անոնցմէ շեղում՝ մեղանչում էր Աստուծոյ դէմ։

— Բարոյական արժէքներու նկատմամբ անտարբերութիւն։ Քրիստոս օրէնքի տառացի գործադրութենէն անդին, կարեւորութեամբ կը յիշեցնէ բարոյական մեղքին հետեւանքները։Տասնաբանեայ Պատուիրաններուն ակնարկելով, Քրիստոս ըսաւ թէ՝ ըսուած է պէտք չէ սպաննել, ես կ’ըսեմ, ով որ իր եղբօր նկատմամբ բարկացոտ մօտեցում կ’ունենայ Աստուծոյ դատաստանին ենթակայ պիտի դառնայ (2 Կորնթ. 5. 21-22)։

— Բարին մերժելու ու չարը ընդունելու, լոյսէն հեռանալու ու խաւարին մօտենալու, երկրաւոր ներկայութիւնը երկնային ներկայութեամբ փոխարինելու, այլ խօսքով՝ Աստուծմէ հեռանալու եւ իր անձին միայն դառնալու նախընտրութիւնը։ Աստուածաշունչը լեցուն է նման դրուագներով (Ես. 41. 9, Սաղմ 94. 14, 2 Կորնթ. 4. 9, Եբր. 13. 5)։

— Ճշմարտութեան կառչելու եւ ճիշդ կերպով մտածելու, խօսելու ու գործելու պարտաւորութեան թերացում։ «Ով որ շիտակը գիտէ եւ չ՚ըներ՝ մեղք է որ կը գործէ» (5.17), կ’ըսէ Յակոբոս Առաքեալ։

— Կարիքաւորին օգտակար հանդիսանալու թերացում։ Յիշենք աղքատ Ղազարոսին կամ հարուստին առակները (Ղուկ. 16. 19-31, Ղուկ. 12. 16-21), եւ վերջին դատաստանին մասին Քրիստոսի կատարած ակնարկութիւնը՝ «անօթի էի՝ եւ չկերակրեցիք զիս, ծարաւ էի՝ եւ ջուր չտուիք, օտարական էի՝ եւ չընդունեցիք զիս, մերկ էի՝ եւ չհագուեցուցիք, հիւանդ էի եւ բանտի մէջ՝ եւ սակայն այցի չեկաք ինծի…» (Մար. 25. 42-43)։

— Աստուծոյ կամքին ենթարկուելու մերժում եւ ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ կեանք։ Քրիստոսի մեզի ուսուցած աղօթքին մէջ կ’ըսենք՝ «քու կամքդ թող ըլլայ»։

— Հաւատքը գործի վերածելու յանձնառութեան թերացում։ Հաւատքը առանց գործի իր իմաստը կը կորսնցնէ (2. 17), ինչպէս կը յիշեցնէ Յակոբոս Առաքեալ։

Այս ընդհանուր ակնարկը մեղքի իմաստին ու մեղանչելու հետեւանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ խմբագրուած «զղջում»ը հաղորդութենէն առաջ կարդացուող, յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ՝ մեղքը հեռացում է Աստուծմէ. իսկ Աստուծմէ հեռացումը մահն է մարդուն։

Աստուծոյ Որդին մեղքին տիրապետութեան ենթակայ մարդը ազատագրելու համար աշխարհ եկաւ։ Ան մեղաւոր մարդը Աստուծոյ որդեգիր դարձնելու եւ իր Երկնաւոր Հօր մօտեցնելու համար մարդացաւ։ Արդարեւ, մարդուն մեղքին մաքրագործումը աստուածային միջամտութեամբ այնքան տիրական է քրիստոնէական մտածողութեան մէջ, որ եկեղեցւոյ հայրերէն Սուրբ Աթանաս Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացման նպատակը բնութագրած է որպէս մարդուն աստուածացումը՝ բնականաբար ոչ ըստ էութեան, այլ աստուածային շնորհներու ստացումով։

Քրիստոսի յարութիւնը մարդուն մեղքը սրբելու եւ զինք երկրէն երկինք ուղղելու աստուածային փրկագործական առաքելութեան կատարելումն է։ Մեղքի մաքրութիւնը մարդուն մէջ աստուածային անկեալ պատկերին վերականգնումն է։ Մեղքին մաքրութիւնը Աստուծոյ վերստին գործակից ըլլալու երկնային պարգեւի տուչութիւնն է մարդուն։ Քրիստոսի յարութիւնը աստուածատուր ու աստուածակեդրոն կեանքի վերահաստատումն է՝ մարդակեդրոն ու մարդանպատակ կեանքին վրայ տարուած յաղթանակով։ Ահա թէ ինչու այնքան բնորոշիչ է Պօղոս Առաքեալի խօսքը թէ՝ առանց Քրիստոսի յարութեան մեր հաւատքը պիտի կորսնցնէր իր իմաստը։

Վերջերս ընթերցումներուս ընթացքին ժողովրդային մօտեցումով խմբագրուած սակայն իմաստալից երկխօսութեան մը հանդիպեցայ հիւանդի մը եւ Քրիստոսի միջեւ։ Հիւանդը մօտենալով Քրիստոսի կ’ըսէ.- փառք Աստուծոյ ամէն ինչ ունիմ, Տէր իմ. ի՞նչ կ’ուզես, դրա՞մ, պալա՞տ, ինքնաշա՞րժ, պատրաստ եմ տալու քեզի, միայն բժշկէ զիս…։ Քրիստոս կը պատասխանէ.- ինծի միայն քու մեղքերդ տուր որ մաքրեմ ու բժշկեմ քեզ…։ Մեր մեղքերուն համար իր արիւնը թափած Քրիստոս պատրաստ է մեր մեղքերը սրբելու, մեզ շրջապատող չարիքները յաղթելու, եթէ մենք պատրաստ ենք մօտենալու յարուցեալ Քրիստոսին։ Որքան կարիքը ունինք մեր մեղքերէն մաքրուելու՝ Քրիստոսի միջամտութեամբ…։

Պահ մը դիտենք մեր շրջապատը։ Ներկայ աշխարհը որքան ապականած է տեսանելի ու անտեսանելի բազմազան ու այլազան մեղքերով, որոնց կամայ թէ ակամայ ենթակայ են մեր անձերը, մեր ընտանիքները ու մեր միջավայրը։ Առանց մեր մեղքերէն մեզ ազատագրելու համար աշխարհ եկած ու անոր համար խաչուած, թաղուած ու յարութիւն առած Քրիստոսի կենդանի ու կենդանարար ներկայութեան, պիտի մնանք թաղուած մեղքերու տիղմին մէջ։

Քրիստոսի յարութեան տօնը հրաւէր մըն է ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան։ Քրիստոսի յարութեան տօնը յիշեցում մըն է դառնալու Յարուցեալ Քրիստոսին՝ մաքրուելու մեր մեղքերէն, ազատագրուելու մեր անձերու տիրապետութենէն ու վերանորոգուելու Քրիստոսի հրաշազօր յարութեամբ։ Յարութեան տօնը արթնութեան ու զգաստութեան կոչ մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրին՝ մեծահարուստ երիտասարդին ուղղած Քրիստոսի պատգամը լսելու.- «ետեւէս եկուր»…։ Քրիստոսի ետեւէն երթալ կը նշանակէ մեղքերէ հեռու մնալ։ Քրիստոսի ետեւէն երթալ կը նշանակէ երկնային շնորհքին արժանանալ ու յաւիտենական կեանքը ժառանգել։

 

*

* *

 

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով, Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Նորին Վսեմութիւն Սերժ Սարգիսեանը, մաղթելով իրեն առողջութիւն եւ արդիւնաշատ ծառայութիւն՝ ի սպաս մեր սիրելի հայրենիքին։ Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Արցախի հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Բակօ Սահակեանը, մաղթելով նորանոր իրագործումներով լեցուն ծառայութիւն Արցախի մեր ժողովուրդին։

Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, մաղթելով եկեղեցաշէն իրագործումներով երկար գահակալութիւն։ Կ’ողջունենք նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը, մաղթելով իրենց բեղմնաւոր ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։

Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, հայցելով Աստուծմէ, որ մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները Յարուցեալ Փրկչին յաղթանակով զօրացած ապրին իրենց կեանքը հաստատ մնալով իրենց քրիստոնէական հաւատքին մէջ, եւ հաւատարիմ՝ մեր ազգին հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն։

 

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,

Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Սուրբ Զատիկ

1 Ապրիլ 2018

Անթիլիաս, Լիբանան

More News