27 March, 2018

ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

 
 
Աւագ Երեքշաբթի 27 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ Շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններուն առաջինը՝ Տասը Կոյսերու Յիշատակի ժամերգութիւնը, որ նուիրուած է Յիսուսի երկրորդ գալուստի խորհուրդին։
 
Աւետարանի ընթերցումէն ետք հինգ հայ աղջիկներ, որոնց վիճակուած էր «իմաստուն» գրութիւնը, վառ պահեցին իրենց մոմերը, իսկ միւս հինգը, որոնց վիճակուած էր «յիմար» գրութիւնը մարեցին զանոնք՝ խորհրդանշելով մարդկային ընկերութեան երկու խումբերը։ Իմաստունները, առակին մէջ յիշուած հինգ կոյսերուն նման՝ Տիրոջ Գալուստը դիմաւորելու պատրաստ եղող մարդոց խումբը կը խորհրդանշեն, իսկ մնացեալները՝ անտարբերները։
 
Արարողութեան աւարտին, Տասը Կոյսերը, Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերպ. Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեանի առաջնորդութեամբ բարձրացան Վեհարան, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հայրական սիրով ընդունեց եւ յուշանուէրներ տալով օրհնեց զանոնք։

More News