27 March, 2018

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՄԻ ՃԸՄԱՅԷԼԸ

Երեքշաբթի, 27 Մարտ 2018-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Նախագահ Սամի Ճըմայէլի այցելութիւնը։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու Լիբանանի այժմու կացութեան ու յատկապէս Մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց ժողովրդավարական սկզբունքները յարգելու եւ խռովարար մթնոլորտ մը ստեղծելու փորձերէն հեռու մնալու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ներքին միասնականութիւնը ամուր պահելու անհրաժեշտութիւնը։

More News