22 March, 2018

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ՆԻՍՏԵՐԸ

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին, նախագահութեամբ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի, Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանի եւ Տիար Երուանդ Փամպուքեանի, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի կ՚ունենայ եռօրեայ համաժողով՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-րդ ամեակին։

 

Դահլիճին մէջ համախմբուած ակադեմիկոսներն ու պատմաբանները, ինչպէս նաեւ պետական ու հասարակական գործիչները ցարդ գումարած են 6 նիստեր, որոնք կ՚անդրադառնան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման պատմական նշանակութեան (դասախօսներ՝ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան եւ Տիար Երուանդ Փամպուքեան), Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման պատմաքաղաքական ենթահողին (զեկուցաբերներ՝ Փրոֆ. Վահան Մելիքեան, Փրոֆ. Ռուբէն Սահակեան եւ Փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան, ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան), Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետա-իրաւական կառուցուածքին եւ ներքին դրութեան (զեկուցաբերներ՝ Փրոֆ. Արարատ Յակոբեան, Փրոֆ. Վահրամ Բալայեան, Դոկտ. Սուրէն Սարգսեան, ատենապետ՝ ակադեմիկոս Եուրի Սուարեան), Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան (զեկուցաբերներ՝ Փրոֆ. Գեղամ Պետրոսեան, Դոկտ. Արմենուհի Ղամբարեան, Դոկտ. Վարդան Ոսկանեան, ատենապետ՝ Տիար Կիրօ Մանոյեան), Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացման (զեկուցաբերներ՝ Փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան, Փրոֆ. Կարէն Խաչատրեան, Փրոֆ. Սիմոն Փայասլեան, ատենապետ՝Դոկտ. Կարէն Խանլարեան) եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դերը հայկական իրաւունքներու հետապնդման գործին մէջ (զեկուցաբերներ՝ Դոկտ. ՎլատիմիրՎարդանեան, Դոկտ. Արմէն Մարուքեան, Դոկտ. Արման Կիրակոսեան, ատենապետ՝ Փրոֆ. Համլէթ Յարութիւնեան)։

 

Ժողովականները կէսօրին ուղղուեցան Ճիպէյլ եւ այցելեցին Թռչնոց Բոյն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան։ Հոն անոնք ծանօթացան Թռչնոց Բոյնի հիմնադրութեան պատմութեան եւ ներկայ իրավիճակին ու մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ լսեցին թանգարանին շինութեան հոլովոյթին ու ապագայ ծրագիրներուն մասին։

 

Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի համաժողովը իր նիստերը կ՚աւարտէ Ուրբաթ, 23 Մարտ 2018-ին։

 

 

 

 

 

More News