21 March, 2018

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԱՆԹԻԼԻԱՍԸ ԵՌԱԳՈՅՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴՈՎ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄՈՎ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐ ԿԱԶՄԱՒՈՐԵՑ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

 

Չորեքշաբթի, 21 Մարտ 2018-ին առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընթացք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի եռօրեայ համաժողովը։ Համաժողովը կը հովանաւորէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը։ Համաժողովը կը վարեն նախագահներ՝ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան եւ Տիար Երուանդ Փամպուքեան։ Համաժողովին կը մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի զանազան շրջաններէն Անթիլիաս ժամանած պետական դէմքեր, ակադեմականներ եւ հասարակական գործիչներ։

Յոտնկայս ունկնդրելէ ետք Հայաստանի, Արցախի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան քայլերգները, Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց ու ապա բեմ հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը, որպէսզի փոխանցէ իր Հայրապետական պատգամը եւ պաշտօնապէս բացուած յայտարարէ խորհրդաժողովը։

 

Նորին Սրբութիւնը ողջունելէ ետք ներկաները նշեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը եղած է ու միշտ կը մնայ Աստուծոյ, հայ ժողովուրդին, Հայաստանին ու Արցախին, ինչպէս նաեւ հայ ազգի գերագոյն արժէքներուն ու ձգտումներուն ծառայութիւն. հետեւաբար պատահական չէ, որ նման խորհրդաժողով մը տեղի ունենայ Կաթողիկոսարանիս մէջ։ Հայրապետը շարունակեց՝ ըսելով, որ հայ եկեղեցին հայոց պատմութեան բոլոր ժամանակներուն մեր ժողովուրդի կեանքին հետ սերտօրէն առնչուած է ու բոլոր իրագործումներուն մէջ իր առանցքային դերն ու տեղը ունեցած է։ Ան հարկ նկատեց հայ եկեղեցին դիտել ու արժեւորել որպէս հայ ազգին եկեղեցին եւ հայ ազգին ծառայութեան լծուած Աստուծոյ ներկայութիւնը։

 

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ նաեւ ընդգծեց, որ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրումը սովորական երեւոյթ մը չէր, ինչպէս սովորական երեւոյթ պէտք չէ ստանայ անոր նշումը, որովհետեւ Հայաստանի այս անկախացումը յաջորդած է թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքին եւ թէ համաշխարհային տագնապալից պայմաններուն, հետեւաբար Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը առաջին հերթին մեր ժողովուրդին համար պէտք է դառնայ յարգանքի ու երախտագիտութեան արտայայտութիւն այն բոլոր հայորդիներուն նկատմամբ, որոնք գրիչով, խօսքով, գործով, ծառայութեամբ եւ արիւնով անկախութիւն կերտեցին։

 

Խօսելով խորհրդաժողովին ստանալիք մեթոտաբանութեան մասին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ պէտք չէ դէպքերը դիտել միակողմանի, զգացական կամ քաղաքական ոսպնեակներէն, այլ զանոնք պէտք է դիտել քննական ու գիտական մօտեցումով։ 28 Մայիս 1918-ն առիթ է արժեւորումի ենթարկելու ընդհանրապէս վերջին հարիւրամեակը եւ յատկապէս առաջին Հանրապետութիւնը՝ իր ծալքերով, տարածքներով, շրջապատային պայմաններով, աշխարհաքաղաքական շահերով, որոնք իրենց ազդեցութիւնը ունեցան դէպքերու ու դէմքերու հոլովոյթին վրայ։ Պատմութիւնը պէտք է համապարփակ կերպով քննել ու արժեւորել, որպէսզի ճիշդ կերպով հունաւորենք մեր ներկան ու մանաւանդ ապագան։ Այս պէտք է դառնայ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած այս համահայկական համաժողովին նպատակը, յայտնեց Վեհափառ Հայրապետը։

 

Եզրափակելով իր խօսքը, Նորին Սրբութիւնը թուեց երկու կենսական անդրադարձներ.-

 

Ա) Ներդրումը Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան այն ղեկավարներուն, որոնք անկախութեան անկումէն ետք գալով Լիբանան լիբանանահայութեան կեանքին մէջ ունեցան կարեւոր դերակատարութիւն, ներառեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեանքին մէջ. անոնք են՝ Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ, Կարօ Սասունի, Աւետիք Սահակեան (Հայր Աբրահամ) եւ Սիմոն Վրացեան։

 

Բ) Անկախացումի անկումէն ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ Հայաստանի եռագոյն դրօշին, անոր խորհուրդին ու պատգամին հաւատարիմ մնալը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եռագոյնի խորհուրդին մէջ տեսաւ հայ ժողովուրդի անկախութեան երազը ու ազատ անկախ Հայաստանը վերակերտելու պատգամը։

 

Նորին Սրբութեան խօսքէն ետք ընթերցուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին ուղերձը, ուր կարեւորութեամբ շեշտուած է Հայաստանի անկախութեան վերականգնումը ողջ աշխարհի համար բարդ ու խրթին իրադարձութիւններուն մէջէն։ Նախագահը յայտնած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումով հայերը ո՛չ միայն վերապրեցան, այլ նաեւ գտան զարգացման ճանապարհ մը, որուն երեւոյթը քաղաքական ու հոգեբանական ոստում մը կը ներկայացնէ։ Ուղերձը շեշտը դրած է նաեւ երկուքուկէս տարուան կեանք ունեցող անկախութեան հերոսական ըլլալուն մասին, իսկ այսօր զանոնք իւրացնելու ու ապագայի նկատմամբ աւելի խոհեմ գործելու հրամայականին մասին։

 

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ Բակօ Սահակեան եւ արտասանելով իր խօսքը յայտնեց, որ պետականութեան վերականգնումը սոսկ հռչակագիր ու օտարին կողմին մեզի մատուցուած պարգեւ մը չէր, այլ ընդամէնը երեք տարի առաջ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի վերապրումն էր, որ իր մէջ ոչ միայն ուժ գտաւ տէր կանգնելու իր սեփական ճակատագրին ու երկրին, այլ նաեւ վճռորոշ ճակատամարտերուն մէջ ջախջախեց ցեղասպան թշնամիին։ Նախագահը նշեց, որ պարտաւոր ենք միշտ յիշել մեր մեծերը, որոնք մեր պատմութեան ճակատագրական այդ ժամանակաշրջանին մասնակից եղան հայրենիքի պաշտպանութեան։ Ան յատուկ կերպով յիշեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսին Սարդարապատի ճակատամարտին մասնակցութիւնը։

 

Ընթերցուեցաւ նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին խօսքը, ուր ան կը յայտնէ, որ պետականութեան վերականգնումը մղիչ ու ոգեւորիչ ուժ դարձաւ համայն հայութեան համար, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի նուիրական ու վեհ ձգտումներուն վկայութիւն՝ կառուցելու համար ժողովրդավարական, իրավական ու ընկերային պետութիւն եւ ազատ ու արդար հասարակական կեանք։ Այս մէկը հիմք դարձաւ, որ հայ ժողովուրդը 1991 թուականին անգամ մը եւս հռչակէ ազատ ապրելու իր իրաւունքը ու հայրենիքի սահմանները պաշտպանէ թշնամիներու ոտնձգութիւններէ։

 

Ընթերցուեցաւ Ամենապատիւ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարքին խօսքը, ուր շեշտուած էր հայ ժողովուրդին քրիստոնեայ դիմագիծին ու Յիսուս Քրիստոսի կեանքի օրինակին հետեւելուն հրամայականը։ Խօսքին մէջ Պատրիարքը ընդգծած էր, որ հայ ժողովուրդը իր գոյապայքարը մղած է կրօնքի եւ հայրենիքի համար ու առանց կորսնցնելու իր հաւատքը, յոյսը եւ սէրը առ Աստուած ապաւինած է անպարտելի Քրիստոսին։ Ան շեշտը դրած էր միաբան եւ միակամ ու ազգին գերագոյն շահերէն մեկնելու հրամայականին մասին։

 

 

Աւարտին, Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանը արտասանեց իր խօսքը։ Վերապատուելին մաղթեց, որ համաժողովը անկախ պետականութեան արժէքը հիմնաւորող ու անոր ի խնդիր համատեղ աշխատանք հունաւորող ուժեղ ազդակ հանդիսանայ։ Ան յայտնեց, որ հայրենիքը ոչ միայն հող ու մշակոյթ է, այլ ամէն բանէ աւելի Աստուածատուր պարգեւ է մարդուն, հետեւաբար հարկ է անսակարկ ծառայութեամբ եւ զոհաբերութեամբ արժեւորել մեր պատկանելիութիւնը անոր, որպէսզի կարենանք միանալ զայն պահողներուն շարքին։

More News