15 Մարտի, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴԱՅԶԷԻ ԷՔԻՒՄԷՆԻՔ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 14 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ֆրանսայի մէջ հաստատուած Դայզէի էքիւմէնիք միաբանութեան ներկայացուցիչները, ընկերակցութեամբ մարոնիթ պատրիարքի փոխանորդ եպիսկոպսին: Հանդիպումին Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերոոթեան վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանը, Դպրեվանքի տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանը եւ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը։

Վերոյիշեալ միաբանութեան Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան նպատակն էր յառաջիկայ տարի Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ երիտասարդներու մասնակցութեամբ քրիստոնէական համագումար մը կազմակերպել շուրջ 2000 անձերու ներկայութեամբ։ Հիւրերը խնդրեցին Հայրապետէն, որ հայ եկեղեցւոյ երիտասարդները եւս յիշեալ համագումարին իրենց մասնակցութինը բերեն։

Նորին Սրբութիւնը գնահատանքով ողջունեց նման կարեւոր նախաձեռնութիւն՝ շեշտելով երիտասարդներուն գործօն մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ։ Այս ծիրէն ներս ան հակիրճ կերպով պարզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդական բաժանմունքին կատարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ իր մտածումները յայտնեց երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին աւելի գործօն մասնակցութիւն ապահովելու իմաստով։

More News