12 Մարտի, 2018

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Երկուշաբթի, 12 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան, Լիբանանի նախագահին ու վարչապետին հետ հանդիպում ունենալէ ետք այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք եւ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։

 

Վեհափառ Հայրապետին կողքին հանդիպումին ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, իսկ վարչապետ Կարապետեանին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նախարարներ։

 

Նորին Սրբութիւնը ողջունելով վարչապետին այցելութիւնը՝ ըսաւ, թէ զինք որպէս հիւր չ՚ընդունիր, այլ որպէս տան զաւակ, որովհետեւ հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցները կը պատկանին ամբողջ հայութեան։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց համահայկական գերագոյն արժէքներու, մարտահրաւէրներու ու ձգտումներու շուրջ համախմբուելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը, միաժամանակ յիշեցնելով Հայաստանի ու Արցախի հզօրացումը որպէս համահայկական առաջնահերթութիւնը։ Ան նաեւ ողջունեց Հայաստանի ու Լիբանանի միջեւ աճող տնտեսական յարաբերութիւնը։

 

Վարչապետ Կարապետեան, իր կարգին, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքէն ներս։ Ան ընդգծեց Լիբանանի հայութեան կարեւոր ներդրումը Հայաստանի տնտեսական մարզէն ներս՝ միաժամանակ Լիբանանի ու Հայաստանի տնտեսական յարաբերութիւններու առջեւ բացուող լայն կարելիութիւններուն անդրադառնալով։ Պրն. Կարապետեան պատասխանեց Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամներուն առաւելաբար տնտեսական բնոյթ ունեցող հարցումներուն։

 

Վեհափառ Հայրապետին հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին, Պրն. Կարապետեան այցելեց Մայր Տաճար եւ Սրբոց Նահատակաց մատուռ։

More News