8 Մարտի, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԵՐԿԱՅ ՊԻՏԻ ԳՏՆՈՒԻ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ԱՐՁԱՆԻ ԶԵՏԵՂՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

8 Մարտ 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ՝ Իվան Սանդուս Եպիսկոպոսը։ Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութեան պաշտօնապէս յանձնել Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէր-նամակը, Հինգշաբթի 5 Ապրիլ 2018-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանի զետեղման արարողութեան։

 

Նշենք, որ յիշեալ արձանը Պապին նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Սերժ Սարգիսեանի կողմէ։ Արարողութեան նաեւ ներկայ պիտի գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։

More News