7 Մարտի, 2018

«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԸԼԼԱԼ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԴԱՌՆԱԼ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՈՒ ԽՈՆԱՐՀ ՀԵՏԵՒՈՐԴԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Լիբանանի Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդառաջելով Լիբանանի Առաջնորդ Սրբազանին ու Ազգային Իշխանութեան հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ Միջինքի Արեւագալի արարողութեան։ Վեհափառ Հայրապետին կողքին արարողութեան նաեւ ներկայ եղան միաբան հայրեր ու Դպրեվանքի սաներ։

 

Դպրեվանքի սաներուն կողմէ կատարուած Արեւագալի հոգեպարար ժամերգութեան աւարտին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը ուղղելու ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Իր պատգամին սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Լիբանանի թեմի Ազգ. Իշխանութիւնը եւ ընդհանրապէս գաղութէն ներս գործող կառոյցներն ու ժողովուրդի զաւակները՝ վերաշեշտելով Լիբանանի վիճակուած կարեւոր դերը Սփիւռքի հայութեան կեանքէն ներս։ Ապա Նորին Սրբութիւնը Դպրեվանքի սաներու ու վերջերս հաստատուած Ազգային Միացեալ Վարժարանի աշակերտութեան ներկայութեան անդրադարձաւ հայ դպրոցի կոչումին, զայն բնորոշելով որպէս ազգային ինքնութեան ու նկարագրի կազմաւորման հնոց։ Դպրեվանքը տարբեր մօտեցումով ու շեշտաւորումով լծուած է նոյն առաքելութեան՝ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին համար պատրաստելով հոգեւոր մշակներ, իսկ հայ դպրոցը՝ մեր կեանքի զանազան բնագաւառներէն ներս ծառայութեան լծուելու անձեր։

 

Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, իր պատգամին երկրորդ բաժինէն առաջ, Դպրեվանքի երկու սարկաւագներ, կարդացին առաքելական թուղթերէն այն հատուածները, ուր շեշտուած էին Քրիստոսով նոր մարդ դառնալու հրամայականը։ Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ Քրիստոսի մարդեղութեան նպատակին որպէս մարդուն մէջ աստուածաստեղծ մարդը վերականգնելու կոչուած առաքելութիւն։ Ան ըսաւ, որ Ադամի ու Եւայի դրախտէն վտարումէն ետք, մարդուն մէջ աստուածային պատկերը մնաց կեղծուած. Քրիստոս ինքն էր, որ մարդկային բնութիւնը իւրացնելով, մարդը Աստուծոյ որդեգիր զաւակը դարձնելով՝ մարդը վերամարդանալու երկնային շնորհքին արժանացուց։ Հետեւաբար, Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ Քրիստոսի ներկայութիւնը ապրիլ, Քրիստոսով շաղախել մեր կեանքը, մեր մտածումներն ու գործերը եւ քալել Քրիստոսի ետեւէն՝ ինչպէս Քրիստոս ինք թելադրեց իր հետեւորդներուն։ Հեռու Քրիստոսէն, մեր կեանքը պիտի կորսնցնէ իր ճշմարիտ դիմագիծը ու նպատակը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

 

Արեւագալի եկեղեցական արարողութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ տիկնաց միութեան կազմակերպած նախաճաշին, որուն ներկայ եղան նաեւ միաբան հայրեր, Դպրեվանքի սաներ ու Լիբանանի թեմի Ազգ. Իշխանութեան ու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները։ Դպրեվանքի սաները ազգային երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը եւ ապա Հայրապետը իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց եկեղեցւոյ պատասխանատու մարմիններուն։

More News