4 Մարտի, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԲՈՂՈՔԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 3 Մարտ 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժընեւի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ՝ Դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըրին, որ յատուկ կերպով Պեռնէն եկած էր հանդիպում ունենալու Վեհափառ Հայրապետին հետ։

 

Հանդիպումին ներկայ էին Ուեպսթըր համալսարանի դասախօս եւ Արմենօֆասի նախագահ՝ Տիկ. Թենի-Փիրրի Սիմոնեանը եւ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը։

 

Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան հայ եւ Զուիցերիոյ եկեղեցիներուն երկար տասնամեակներու գործակցութիւնը ծաւալելու հրամայականը։ Նշենք, որ յիշեալ գործակցութիւնը սկսած էր Կիլիկիոյ մէջ եւ առաւել շեշտաւորում ստացած՝ յատկապէս յետ Ցեղասպանութեան շրջանին։ Այս ծիրէն ներս յատուկ ուշադրութեան նիւթ դարձաւ Արմենօֆաս հիմնարկի կանոնագրութիւնը ու գործունէութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու կարիքը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկու եկեղեցիներուն միջեւ էքիւմէնիք գործակցութիւնը ամրացնելու կարելիութեան։

 

Ապա Դոկտ. Լոխըր ճաշի հիւրը եղաւ Նորին Սրբութեան։

More News