25 February, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՎԻԵՆՆԱ ԵՒ ԺԸՆԵՒ

Կիրակի, 25 Փետրուար 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Վիեննա (Աւստրիա) մասնակցելու եւ դասախօսութիւն տալու քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու ժողովին։ Հանդիպումը կազմակերպուած է Ապտալլահ Բ. թագաւորին միջ-կրօնական երկխօսութեան կեդրոնին կողմէ։

 

Ապա Նորին Սրբութիւնը Վիեննայէն պիտի մեկնի Ժընեւ (Զուիցերիա), ուր միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ու Արմենօֆասի առնչուած յաջորդական հանդիպումներ պիտի ունենայ։ Սոյն ճամբորդութեան ընթացքին, որ պիտի տեւէ մէկ շաբաթ, Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանայ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։