23 Փետրվարի, 2018

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ

11-12 Փետրուար 2018-ին, Ամմանի մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան յատկացուած համագումար մը՝ կազմակերպութեամբ Վիեննայի Ապտալլահ Բ. թագաւորին միջ-կրօնական երկխօսութեան կեդրոնին։ Յիշեալ համագումարը շարունակութիւնն էր 15-16 Դեկտեմբեր 2017 թուականին նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցած համագումարին։

 

Արդարեւ, առաջին համագումարով սկսուած քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան շարք մը փաստաթուղթեր իրենց վերջնական ձեւը ստացան։ Անոնք առնչուած էին քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերու միջեւ խորհրդակցութիւն զարգացնելու, շրջանը դիմագրաւող տագնապներու գծով հաւաքական մօտեցումներ ճշդելու եւ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամրապնդելու։ Պատրաստուած փաստաթուղթերը պիտի ծառայեն որպէս խորհրդակցութեան նիւթ յառաջիկայ շաբաթ Վիեննայի մէջ տեղի ունենալիք քրիստոնեայ ու իսլամ հոգեւոր պետերու հանդիպումին։

 

Ամմանի երկրորդ համագումարին եւս յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ լիբանանեան համալսարաններու մէջ իսլամական փիլիսոփայութեան դասախօս եւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ Դոկտ. Ժան Սալմանեան։

More News