22 Փետրվարի, 2018

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

19 Փետրուար 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Թեմի Ազգային Վարչութեան՝ գլխաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանին։ Թեմին Ազգ. Վարչութիւնը Մայրավանք եկած էր Լիբանանի հայ դպրոցներուն յառաջիկային դիմագրաւելիք նիւթական դժուարութիւններու նկատմամբ խորհրդակցելու Վեհափառին հետ ու անոր թելադրութիւնները լսելու։

 

Յայտնենք, որ Լիբանանի կառավարութեան որոշումով ուսուցիչներու ամսականի զգալի յաւելումը, բնականաբար իր լուրջ անդրադարձը պիտի ունենայ բոլոր դպրոցներու պիւտճէին ու յատկապէս կրթաթոշակներու։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Ազգ. Վարչութեան ցուցաբերած խոր նախանձախնդրութեան ու լուրջ մտահոգութեան գծով՝ շեշտելով ամէն գնով հայ դպրոցը կանգուն պահելու հրամայականը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց հաւաքական պատասխանատուութեամբ ու ճիգով համայնքային նման դժուարութիւն մը յաղթահարելու կարեւորութիւնը։ Ան ըսաւ, թէ Ազգ. Առաջնորդարանը, մեր կառոյցները, ծնողները, ունեւոր ազգայինները կարեւոր դեր ունին հայ դպրոցին առաքելութիւնը անվթար պահելու իմաստով, որովհետեւ հայ դպրոցին ճամբով է, որ մեր ազգային արժէքները ու սրբութիւնները կը պահենք ամուր, մեր ինքնութիւնը կը պահենք զօրեղ ու մեր համայնքային հայկականութիւնը՝ առողջ։

 

Հանդիպումը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու Լիբանանի գաղութը յուզող հարցերու ու երեւոյթներու։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը վեր առաւ Լիբանանի հայութեան առանցքային տեղն ու դերը Սփիւռքի հայութեան կեանքէն ներս։

More News