20 February, 2018

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

19 Փետրուար 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Պարոն Սամուէլ Մկրտչեանը։

Դեսպանը տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը Լիբանանի նախագահին Հայաստան կատարելիք այցելութեան, ինչպէս նաեւ յառաջիկային Հայաստանի վարչապետին Լիբանան տալիք այցելութեան մասին։

Նորին Սրբութիւնը ողջունելով Լիբանանի ու Հայաստանի միջեւ պետական բարձրագոյն մակարդակներու վրայ տեղի ունեցող փոխադարձ այցելութիւնները, ընդգծեց անոնց կարեւորութիւնը՝ երկու երկիրներու տնտեսական զարգացման եւ բարեկամութեան ամրապնդման գծով։

More News