13 February, 2018

«ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ ՈՒ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԼԵՑՈՒՆ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՈՒ ԴՊՐՈՑՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութենէն քառասուն օր ետք Հայ Եկեղեցին կը նշէ Տիրոջ տաճար ընծայման տօնը՝ Տեառնընդառաջը, որուն նախատօնակը կը նշուի Փետրուար 13-ին։

 

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գիրգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակ եւ հանդիսաւոր Անդաստան՝ հանդիսապետութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Հանդիսաւոր Անդաստանէն եւ աւանդութիւն դարձած մանուկներու տաճար ընծայումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին։

 

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ յայտնեց, թէ Տեառնընդառաջը, ըստ հին եբրայական աւանդութիւններուն, քառասուն օրերը լրացուցած մանուկներուն տաճար ընծայման տօնն է, որուն տօնակատարութեան ընթացքին հայ եկեղեցին հրավառութիւն կը կատարէ։ Սա հեթանոսական սովորութիւն մըն է, որ եկեղեցին իմաստութիւնը ունեցած է զայն քրիստոնէականացնելու ու քրիստոնէական խորհուրդով շաղախելու, ինչպէս քրիստոնէական եկեղեցին իմաստութիւնն ունեցած է Հին Կտակարանի տօներն ու աւանդութիւնները քրիստոնէական տօներու ու աւանդութիւններու վերածելու։ Հայրապետը իր պատգամը շարունակեց՝ ընդգծելով, որ հայ եկեղեցին Սուրբ Խորանէն լոյս առնելով ու հաւատացեալ ժողովուրդին մոմերը վառելով՝ կ՚աղօթէ, որ Քրիստոսի լոյսը ներկայութիւն դառնայ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ։

 

Անդրադառնալով Տեառնընդառաջի տօնին՝ մանուկներուն Աստուծոյ ընծայման աւանդութեան, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ այս մէկը սովորական աւանդութիւն մը չէ, որ ժողովուրդը զայն կը յարգէ մեքենաբար։ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ իւրաքանչիւր տօն պատգամ մը ունի եւ այս աւանդութեան պատգամը մեր մանուկները Աստուծոյ ընծայելու ամբողջական արարողութիւնն է։ Հայրապետը շեշտեց, որ պէտք է գիտակցինք, թէ մեր զաւակները Աստուծոյ տուն բերելը քրիստոնէական կեանքին առանցքը կազմող մեր հաւատքին էութիւնը կը կազմէ.- «Մենք բոլորս Աստուծոյ կը պատկանինք ու կոչուած ենք ապրելու Աստուծմով. հետեւաբար, Աստուծոյ պատկանելութեան գիտակցութեամբ պէտք է թրծել մեր կեանքը, որովհետեւ այս պատկանելութեամբ է, որ մեր կեանքը կ՚իմաստաւորուի», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։

 

Իր խօսքին վերջին բաժինով, Նորին Սրբութիւնը յատուկ տեղ տուաւ հայ ընտանիք ու հայ մայր հասկացողութեան՝ ըսելով. «Յաճախ կ՚ըսենք, որ ընտանիքը եկեղեցի ու դպրոց է։ Ընտանիքը ճշմարիտ եկեղեցին ու ճշմարիտ դպրոցն է ու հայ մայրը մեր առաջին ու վերջին ուսուցիչն է։ Ան է, որ քրիստոնէական հոգեւոր արժէքներով պիտի դաստիարակէ իր զաւակը։ Տեառնընդառաջի տօնակատարութեան ճամբով մանուկները Աստուծոյ ընծայելու միջոցով Աստուած կոչ կ՚ուղղէ հայ մայրերուն իրենց զաւակները քրիստոնէական ու ազգային արժէքներով դաստիարակելու»։ Ան իր պատգամը եզրափակեց շեշտելով. «Մեզի համար ընտանիքը սովորական հասկացողութիւն չէ, այլ մեր քրիստոնէական ազգային սրբութիւններով ու արժէքներով լեցուն եկեղեցի, դպրոց ու Աստուծոյ ներկայութիւնն է» եւ կոչ ուղղեց հայ մայրերուն, որ այս գիտակցութեամբ ընծայեն իրենց մանուկները Աստուծոյ ու վերանորոգեն իրենց եկեղեցական-ազգային կեանքը։

 

Պատգամէն ետք, լուսարարապետ Հայր Սուրբը Խորանէն բերաւ Քրիստոսի Լոյսը խորհրդանշող մոմը ու յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ իր կարգին զայն բաշխեց ներկայ հաւատացեալներուն։ Ապա, Հայրապետին գլխաւորութեամբ հաւատացեալները, միաբան հայրերն ու Դպրեվանքի սաները միասնաբար թափօր կազմած ուղղուեցան Կաթողիկոսարանին բակը, ուր Նորին Սրբութեան ձեռամբ տեղի ունեցաւ աւանդական հրավառութիւնը։

 

Նշենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը նախաձեռնած է «Աստուած Սէր է» քառալեզու գիրքին, որ ուղղուած է թէ՛ հայ եւ թէ՛ օտար երիտասարդներուն։ Նկատի ունենալով, որ Տեառնընդառաջի տօնը կը զուգադիպի համաշխարհային սիրոյ տօնին եւ նկատի ունենալով, որ Քրիստոս ի՛նքն է մեծագոյն սէրը, գիրքը ունի Աստուածաշունչէն քաղուած սիրոյ ճշմարիտ պատգամներ։

 

Յայտնենք, որ եկեղեցական արարողութենէն ետք խումբ մը երիտասարդ միաբաններ վերոյիշեալ գիրքը ցրուեցին Անթիլիասի ու Պուրճ Համուտի մէջ՝ զոյգ շրջաններու քաղաքապետարաններուն առաջնորդութեամբ։

More News