7 Փետրվարի, 2018

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ

 

29 Յունուարէն 3 Փետրուար 2018-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ ոչ-քաղկեդոնական Արեւելեան Ուղղափառ քոյր Եկեղեցիներու եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան 15-րդ հանդիպումը: 2003 թուականին սկսած յիշեալ աստուածաբանական երկխօսութեան նպատակն է քննարկումներ կատարել զոյգ եկեղեցական ընտանիքները բաժնող աստուածաբանական ու դաւանական հարցերու շուրջ, հասարակաց մօտեցումները ու աւանդութիւնները աւելի ամրապնդել եւ տարբերութիւնները նուազագոյնի իջեցնող յստակեցումներ ու մօտեցումներ որոնել՝ միշտ մեկնելով եկեղեցւոյ միութիւնը ամրապնդելու համաքրիստոնէական հրամայականէն։ Այս հեռանկարով եկեղեցիները ներկայացնող յանձնաժողովը իր իւրաքանչիւր նստաշրջանին իր հաստատած օրակարգի հարցերուն քննարկումը կը կատարէ եւ ապա յատուկ յայտարարութեամբ տեղեակ կը պահէ հաւատացեալները իր աշխատանքին մասին։

 

Այս վերջին հանդիպման ընթացքին, յանձնաժողովը յատուկ կերպով քննեց ապաշխարութեան, ձեռնադրութեան եւ հիւանդաց օծման խորհուրդները։ Այս հարցերուն մասին զեկոյցներ ներկայացուեցան ու եղբայրական մթնոլորտի մէջ քննարկումներ կատարուեցան։

 

Ժողովական աշխատանքներու աւարտին, Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական հաւաքական աղօթք՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին նախագահութեամբ։ Արարողութեան աւարտին ներկաներուն իր պատգամը ուղղեց Վեհափառ Հայրապետը՝ շեշտելով եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւնը ու երկխօսութիւնը ամրապմնդելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի եկեղեցիներ կարենան միասնաբար պայքարիլ ապաքրիստոնէական շարժումներուն դէմ։

 

Հայ, ասորի, ղպտի, մալապար, եթովպիոյ եւ էրիթրիոյ եկեղեցիները կը կազմեն ոչ-քաղկեդոնական Արեւելեան Ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու ընտանիքը։ Կաթոլիկ եւ արեւելեան քոյր եկեղեցիներու երկխօսութեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներն էին Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Գերպ. Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներն էին Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան եւ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան։

More News