6 February, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆԸ ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

6 Փետրուար 2018-ի յետ միջօրէին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային թաղումը Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Յակոբ Եափուճեանին։

 

Թաղման արարողութեան նախագահեց Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։ Սրբազանը հանգուցեալին հոգւոյն արտասանած դամբանականին մէջ մէջբերեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին վկայութիւնը. «Վերջին 40 տարիներուն ընթացքին, Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ հանգուցեալը եղաւ մնայուն ու տիրական ներկայութիւն։ Իր բազմակողմանի յատկութիւններով ան իր կարեւոր ներդրումը բերաւ մեր կեանքի կրթական, մշակութային, հասարակական ու տնտեսական բնագաւառներուն մէջ՝ ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ։ Յակոբ Եափուճեանի համար ազգային ծառայութիւնը եղաւ բնական պահանջ, ամէնօրեայ ապրում եւ տագնապ։ Եափուճեան ծառայեց բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով ու բծախնդրութեամբ»:

 

«Յակոբ Եափուճեան իր ստանձնած պարտականութիւնները կատարեց աշխատասիրութեամբ, հետեւողականութեամբ ու բծախնդրութեամբ՝ հեռու ամէն տեսակի անձնական շահերէ, փառասիրական մօտեցումներէ ու կողմնակի նկատումներէ»։

 

«Իր հօրմէն իրեն փոխանցուած ամբողջական ու անանձնական նուիրումով ազգին ծառայելու կոչումը Յակոբ Եափուճեանը դարձուց խստապահանջ՝ նախ իր անձին ու ապա իր անմիջական շրջապատին նկատմամբ։ Յաճախ եղաւ խիստ իր կարծիքներուն ու անզիջող իր համոզումներուն մէջ։ Լաւագոյնին ձգտելու իր ճիգին մէջ ընթացիկ մօտեցումներէն դուրս գալով՝ հանգուցեալը յաճախ ունեցաւ իր իւրայատուկ տեսակէտը»։

 

«Մեր կեանքին առնչուած թերացումներուն նկատմամբ, Յակոբ Եափուճեան իր ընդվզումը ուրիշներուն հետ բաժնող ու այդ ուղղութեամբ մտահոգուող ու տագնապող եւ նոյնիսկ երբեմ իր պոռթկումը հրապարակային կերպով արտայայտող ղեկավար մը եղաւ»։

 

«Ահաւասիկ մեր ազգի ծառէն կանաչազարդ ճիւղ մը եւս կը կոտրի…։ Մեր սպասումն է, որ իր երկու զաւակները իրենց հօր օրինակին հետեւելով մասնակից դառնան մեր կեանքին՝ ծառայութեան ճամբով բերելով իրենց կարեւոր նպաստը մեր ազգի ծառին առողջ ու կենսատու պահպանման»։

 

«Յակոբ Եափուճեան իր ողջ կեանքին ընթացքին խորունկ սէր ու երկիւղածութիւն ունեցաւ հայ դպրութեան ու մշակոյթին նկատմամբ։ Սա պահուն իր հարազատներուն, ընկերներուն ու բարեկամներուն ներկայութեան, յետ մահու իրեն կը շնորհենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը»։

More News