28 January, 2018

ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ԵՒ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Կ՚ուզենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնել, որ շինարարական կարեւոր ծրագիրներ իրագործման ընթացքի մէջ են արդէն՝ Անթիլիասի Մայրավանքէն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն եւ «Թռչնոց Բոյն»էն ներս։

1) Անթիլիասի Մայրավանք.- ա) Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով յուշակոթող մը կը բարձրանայ Մայրավանքի շրջափակէն ներս՝ բարերարութեամբ Տէր եւ Տիկին Ալէքքօ եւ Անի Պէզիքեանի, Զուիցերիաէն։ Յուշակոթողին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 23 Մարտ 2018-ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած համազգային համագումարի աւարտին։ բ) Մայրավանքի արեւելեան ու հիւսիսային կողմերը նոր պատեր կը բարձրացուին՝ գեղակերտ քարերով հիւսուած, որ, միաժամանակ, Մայրավանքի շրջապատէն ներս պիտի ներառէ արեւելեան կողմը գտնուող պարտէզը։ Սոյն ծրագիրը կ՚իրագործուի բարերարութեամբ Արամ եւ Րաֆֆի Մալեան եղբայրներու, Լիբանանէն։ Աշխատանքը իր աւարտին կը հասնի շուրջ մէկ ամիսէն։

2) Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք.- Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս  եպիսկոպոսներու եւ հիւրերու յատուկ նոր շէնք մը կը կառուցուի։ Շինարարական աշխատանքները պիտի աւարտին շուրջ մէկ տարիէն։

Այս առիթով յայտնենք, որ Ֆանարի մէջ գտնուող նախկին Խանամիրեան դպրոցին շէնքը, որ սեփականութիւնն է Կաթողիկոսարանին, ներքին որոշ փոփոխութիւններէ ետք, պիտի սկսի գործածուիլ Կաթողիկոսարանին առնչուած ծրագիրներուն համար։

Նաեւ յայտնենք, որ «Թռչնոց Բոյն»էն ներս յատուկ բաժին մը պիտի վերակառուցուի ու վերադասաւորուի, որբերուն որպէս ննջարան գործածուելու։ Այս ծրագիրին բարերարն է Տիանա Տէր Յովսէփեան, Արժանթինէն։ Աշխատանքները շուտով կը սկսին։

More News