27 Հունվարի, 2018

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Ուրբաթ, 26 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆին, ընկերակցութեամբ անոր խորհրդականներէն ժեներալ Փանոս Մանճեանի։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընհանուր անդրադարձ մը կատարելու Լիբանանի ներկայ կացութեան։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց լիբանանեան բանակին դերը որպէս երաշխիք Լիբանանի կայունութեան, ապահովութեան ու միութեան։

More News