25 January, 2018

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

 

Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց ղպտի եկեղեցիէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Պիշոյ Արքեպիսկոպոսը, Պըն Եամին Արք.ը, Լիբանանի ղպտի համայնքին առաջնորդը եւ Դոկտ. Կրկէս Սալէհը:

 

Պատուիրակութեան անդամները Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեցին ղպտի եկեղեցւոյ պետ Թաուատրոս Պատրիարքին ողջոյնները եւ ապա Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցեցան երկու եկեղեցիներուն գործակցութեան, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին եւ միջ-ուղղափառ աստուածաբանական երկխօսութեան հետ աղերս ունեցող նիւթերու մասին։

More News