2 July, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Դրամատան աւագ խորհրդատու Սարգիս Եողուրթճեանը

Այս առաւօտ, Պիքֆայայի վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Դրամատան աւագ խորհրդատու Սարգիս Եողուրթճեանը:

 

Լիբանան ծնած եւ իր համալսարանական ուսումը Միացեալ Նահանգներու մէջ ստացած Սարգիս Եողուրթճեան աւելի քան 30 տարիներէ ի վեր կարեւոր պաշտօններ կը վարէ տնտեսական բնագաւառէն ներս: Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Դրամատան մէջ իր ստանձնած կարեւոր պատասխանատուութեան առընթեր, ան անդամ է Միացեալ Նահանգներու Դրամատուներու Վերահսկիչ Յանձնախումբին, խորհրդատու՝ Միջազգային Տնտեսական Հիմնադրամին (IMF) եւ ատենապետ՝ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի Դրամատուներու Վերահսկիչ Մարմնին: Ան նաեւ մեծապէս օգտակար եղած է Հայաստանի անկախացումէն յետոյ Հայաստանի դրամատնային նոր համակարգի վերահաստատման:

 

Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպումը առիթ մը եղաւ խօսելու առաւելաբար մեր ազգային կեանքին առնչուած նիւթերու ու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան մասին:

More News