News

ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

06 January 2018

 

«ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՅԱՐԳԱՆՔԸ ՀԻՄՔՆ ԵՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ»

ՊԱՏԳԱՄԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Շաբաթ, 6 Յունուար 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի զանգերու ղօղանջներուն ներքոյ եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, Հայրապետական թափօրը Վեհարանէն ուղղուեցաւ Մայր Տաճար, Ս. եւ Անմահ Պատարագով նշելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Աստուածայայտնութեան տօնը։ Պատարագին ներկայ էին մեծ թիւով հաւատացեալներ, որոնց շարքին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան լրիւ կազմը՝ գլխաւորութեամբ տիար Սամուէլ Մկրտչեանին, Լիբանանի Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ՝ պետական երեսփոխան տիար Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ պետական ու համայնքային անձնաւորութիւններ։

 

Հաւատացեալ ամբոխին յղելով իր Ս. Ծննդեան պատգամը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նշեց՝ «Բեթղեհէմի մէջ մարդեղացած Աստուծոյ Որդւոյն պատգամը կը շարունակէ հնչել անարդարութեամբ, պատերազմներով, բեւեռացումներով ու տագնապներով լեցուն աշխարհին մէջ։ Արդարեւ, արդարութիւնն ու փոխադարձ յարգանքն է մնայուն, ամբողջական ու ճշմարիտ խաղաղութեան հիմքը»։ Յիշեցնելէ ետք Բեթղեհէմի պատգամը, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ «ներկայ աշխարհը հեռու է Քրիստոսի աշխարհ բերած արժէքներէն ու սկզբունքներէն։ Ներկայ աշխարհին մէջ տիրապետողը, դժբախտաբար, շահն է, ոչ՝ իրաւունքը, երկրաւոր արժէքներն են, եւ ոչ՝ երկնային ճշմարտութիւնները»։

 

Ապա շարունակեց՝ «Նոր տարուան առիթով աշխարհի պետերը մաղթանքներ կատարեցին ու պատգամներ ուղեցին։ Մենք իրենց կ՚ըսենք, որ ամէն բանէ առաջ արդարութի՛ւն կատարեցէք, փոխադարձ յարգա՛նք պատգամեցէք, աղքատներուն իրաւունքը մի՛ խլէք, փտածութենէ հեռո՛ւ մնացէք, ձեր անձերու շահը ժողովուրդի շահէն գերիվեր մի՛ դասէք»։

Խօսելով փոխադարձ յարգանքի կենսական կարեւորութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց թէ՝ «արդարութիւնը կ՚ենթադրէ արդար ըլլալ ուրիշներու իրաւունքներուն նկատմամբ, ճանչնալ ու յարգել ուրիշը այնպէս ինչպէս որ է։ Աստուածային ճշմարտութեան գծով տարբեր մօտեցումներ կան. իրաւունք չունինք մեր ըմբռնումները ուրիշներուն պարտադրել, այլ՝ անհրաժեշտ է փոխադարձ յարգանքով ամրապնդել ազգերու, մշակոյթներու ու կրօններու համակեցութիւնն ու գործակցութիւնը։ Այսպէս կ՚ըսեն միաստուածեան երեք կրօններուն ուսուցումները»։

 

Իր պատգամի վերջին բաժնին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ Երուսաղէմի հարցին։ «Երուսաղէմի պատմութիւնը ծանօթ է բոլորին։ Երուսաղէմի ինքնութիւնն ու կարեւորութիւնը եւս ծանօթ են բոլորին։ Հետեւաբար Երուսաղէմի գծով միակողմանի մօտեցում ցուցաբերել ընդունելի չէ։ Ի հեճուկս տեղւոյն ժողովուրդին իրաւունքներուն, զէնքի ուժով կատարուած բռնագրաւումը օրինականացնելը միջազգային օրէնքի դէմ է։ Երուսաղէմի գծով չենք կրնար անտեսել միջազգային օրէնքի տուեալները. միաստուածեան կրօններու իրաւունքները, աւանդութիւններն ու սրբութիւնները։ Չմոռնանք նաեւ, որ Երուսաղէմի մէջ Հայ եկեղեցին իր իրաւունքները ունի։ 638 թուականէն սկսեալ Երուսաղէմի մէջ հայոց Պատրիարքութիւն հիմնուած է, ուր 97 պատրիարքներ ունեցած ենք. հայկական եկեղեցիներ, ուխտավայրեր, ինչպէս նաեւ հայկական համայնք գոյութիւն ունին հոն, եւ մեր եկեղեւցւոյ իրաւունքները պատմական ու իրաւական ճանաչում ունին։ Չենք կրնար միակողմանի մօտեցումով, Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքը հռչակելով անտեսել այս բոլորը։ Նման մօտեցումներ փաստօրէն անարդարութիւնը կը խորացնեն, կրօններու ու ժողովուրդներու միջեւ նոր տագնապներ կը յառաջացնեն ու Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ընթացքը կը խանգարեն», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու վերջապէս, Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով կոչ ուղղեց քաղաքական ու կրօնական պատասխանատուներուն, որ պաղեստինեան հարցին, ինչպէս նաեւ անարդարութեան զոհ գացող բոլոր ժողովուրդներուն դիմագրաւած տագնապներուն մօտենալ արդարութեան, ինքնորոշման ու մարդկային իրաւանց սկզբունքներէն մեկնելով։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին սկիզբը ողջունեց Հայաստանի նախագահ Ն.Վ. Սերժ Սարգսեանը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Ն.Վ. Բակօ Սահակեանը, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեանը։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցեց Թեմակալ Առաջնորդներուն, Ազգային Իշխանութեանց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։