30 December, 2017

ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻՆԵՐ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Այս առաւօտ, 30 Դեկտեմբեր 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան եւ նոյն միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան։

 

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ու Սփիւռքի հայութեան առնչուած հարցերու ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու։ Նորին Սրբութիւնը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ շարունակուող գործակցութեան գծով՝ շեշտելով, որ մեր ժողովուրդը բաղկացնող հոգեւոր, կրթական, քաղաքական կառոյցներու ու կեդրոններու միջեւ որեւէ գործակցութիւն մեծապէս կը նպաստէ մեր ազգի միասնականութեան ամրապնդման ու Հայաստանի հզօրացման։

 

More News