28 Դեկտեմբերի, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ԱԶՈՒՆԻԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԸ

Հինգշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով այցելեց Ազունիէի ազգային բուժարանը։ Տօնախմբութեան ներկայ էին բուժարանին բնակիչները, տնօրէնութիւնը, խնամակալութիւնը, բժշկական կազմն ու պաշտօնէութիւնը։

 

Նորին Սրբութեան ջերմ ընդունելութեան յաջորդեց գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին մամիկներն ու պապիկները, միաբան հայրերուն հետ միասնաբար, արտասանութիւններով, հոգեւոր ու ազգային երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը։ Աւարտին, Հայրապետը գնահատեց բուժարանին ծաւալած առաքելութիւնը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց հաստատութեան մատուցած ծառայութիւններուն առնչութեամբ։ Ան ըսաւ, որ շնորհիւ մասնագիտական ու բծախնդիր ճիգի, Ազունիէի ազգային բուժարանը կը շարունակէ իր դռները լայն բանալ կազդուրման կարիք ունեցողներու դիմաց։ Վեհափառ Հայրապետը բարեմաղթութիւններով ու օրհնութիւններով եզրափակեց իր պատգամը եւ յայտնեց, թէ այնքան ատեն որ հայ ժողովուրդը երգել, ասմունքել եւ ուրախանալ գիտէ, ո՛չ մէկ փոթորիկ կ՚ընկճէ իր հոգին. իսկ ասոր զուգահեռ կ՚ընթանայ միասնակամութեան ոգին, որ առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ հայ ժողովուրդի հաւաքական գործելաոճին մէջ, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։

More News