27 Դեկտեմբերի, 2017

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԵՀՈՄ-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԿԸ ՏՕՆԷ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐԸ

Շաբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողները Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ Ծննդեան եւ նոր տարուան սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբուեցան։

 

Վեհափառ Հայրապետին ժամանումէն անմիջապէս ետք, միութեան ատենապետը՝ Բարշ. Կարէն Կիս. Սրկ. Եօսուլքանեան, յանուն ՀԵՀՈՄ-ականներուն բարի գալուստի խօսք արտասանեց, որմէ ետք ՀԵՀՈՄ-ական Ռիթա Աստիքեանը ջութակով ելոյթ մը ունեցաւ՝ ճոխացնելով մթնոլորտը։ Ապա, ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու՝ Հոգշ. Տ. Թաթուլ Աբղ. Գարտանաքեան` ի պատիւ Հայրապետին խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան, որ կը գտնուի ՀԵՀՈՄ-ականներուն հետ եւ սոյն հաւաքը նկատեց պերճախօս մէկ վկայութիւն որպէս, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը հաւատայ երիտասարդութեան գործօն մասնակցութեան եւ դերակատարութեան՝ մեր ազգային եւ հոգեւոր կեանքէն ներս։

 

Նորին Սրբութիւնը իր ուրախութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց, որ անգամ մը եւս շրջապատուած է համալսարանական երիտասարդներով, եւ յիշեցուց անոնց, որ երիտասարդութիւն կը նշանակէ կենսունակութիւն, իսկ կենսունակութիւն կը նշանակէ մասնակցութիւն մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքին։ Շարունակելով իր խօսքը, Հայրապետը քաջալերեց հայ ուսանողները, որ աւելի հմտանան իրենց մասնագիտութեանց մէջ եւ այդ բոլորը ի սպաս դնեն Կաթողիկոսութեան հետզհետէ ծաւալող առաքելութեան։

 

Աւարտին, Նորին սրբութիւնը իւրաքանչիւրին Քրիստոսի Ս. Գերեզմանէն օրհնուած հրեշտակատիպ վզնոցներ նուիրեց երիտասարդներուն։

More News