27 December, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑ

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով կատարած իր այցելութիւններուն ծիրին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Չորեքշաբթի, 27 Դեկտեմբեր 2017-ին, այցելութիւն տուաւ Պուրճ Համուտի ազգային ծերանոց, ուր զինք դիմաւորեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, ծերանոցի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թէրզեան, խնամակալութիւնն ու տիկնաց յանձնախումբը։

 

Հանդիպումը ընթացք առաւ «Խորհուրդ Մեծ» շարականի երգեցողութեամբ, որուն յաջորդեցին Ս. Ծնունդի նուիրուած այլ շարականներ եւ փունջ մը ազգային երգեր։ Այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը զրուցեց ծերունի պապիկներուն ու մամիկներուն հետ ու աւարտին փոխանցեց իր հայրապետական պատգամը։ Հայրապետը նշեց, թէ Պուրճ Համուտի ազգային ծերանոցը ո՛չ միայն հոն բնակող ծերերուն տունն է, այլ հայ գաղութի բոլոր զաւակներուն։ Վեհափառ Հայրապետը  բարձր գնահատեց տնօրէնութեան, յանձինս տնօրէնին, ու աշխատակազմին ճիգը, որուն արդիւնքով ազգային ծերանոցը կը վերածուի սիրոյ ու հոգածութեան կեդրոն։ Նորին Սրբութիւնը ընդծեց, որ ծերանոց բնակիլ չի նշանակեր լքուած ըլլալ։ Ան շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մօտէն կը հետեւի ազգային ծերանոցին տարած աշխատանքներուն։ Հայրապետը ըսաւ, որ ազգային ծերանոցը ներկայիս անցեալէն շատ աւելի լաւ պայմաններու մէջ կը գտնուի շնորհիւ տնօրէնութեան աշխատանքին, ազգային բարերարներու ու բարեկամներու բարերարութիւններուն, իսկ այսպէս գոյատեւելու համար ան պէտք ունի նման բարերարներու նուիրատուութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետը  իր պատգամը փակեց՝ ըսելով. « Նոր տարուան եւ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան խորհուրդով լեցուն այս օրերուն, հայրական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՚ողջունեմ բոլորդ։ Թող Քրիստոսի ծնունդը դառնայ կենդանի ներկայութիւն այս նուիրական հաստատութենէն ներս, ուր բարի սամարացիի օրինակով խնամք կը տարուի, հոգածութին, սէր ու գուրգուրանք կը ցուցաբերուի մեր հայրերուն ու մայրերուն»։