20 December, 2017

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Նախաձեռնութեամբ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորին՝ Վիէննայի մէջ հիմնած կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան համաշխարհային կեդրոնին, 15-16 Դեկտեմբեր 2017-ին, Յորդանանի մէջ տեղի ունեցաւ միջկրօնական ժողով մը: Ժողովը քննեց արաբական աշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն եւ անոնց կրօնական հաստատութիւնններուն միջեւ երկխօսութեան եւ գործակցութեան համար հարթակի մը ստեղծման կարելիութիւնը: Սոյն Ժողովին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց դոկտ. Ժան Սալմանեան։

 

Նկատի ունենալով վերջին տարիներուն Միջին Արեւելքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ուր կրօնական պատկանելիութեան պատճառով զոհեր ինկան եւ զանազան շրջաններու մէջ աւերներ գործուեցան, ներկաները երկու կրօնները եւ երկու մշակոյթները իրար կամրջելու, ինչպէս նաեւ իսլամ-քրիստոնեայ կապերը աւելի ամրապնդելու կարելիութիւնները ուսումնասիրեցին՝ իրապաշտ ու համապարփակ մօտեցումով:

 

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ դոկտ. Ժան Սալմանեան ժողովին իր գործուն մասնակցութիւնը բերելով՝ շեշտեց, թէ երկխօսութեան ճամբով միայն կարելի է միջկրօնական լարուածութիւնը փարատել:

More News