19 December, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՏԻԿԻՆ ՎԵՐՈՆԻՔ ԿԱՐԵՒՈՐԵԱՆԸ

 

19 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի Դահլիճին մէջ, միաբան հայրերու ու հիւրերու ներկայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով պարգեւատրեց Տիկ. Վերոնիք Կարեւորեանը։

 

Նախքան պարգեւատրում, ֆրանսերէն լեզուով կարդացուեցաւ Տիկ. Վերոնիքի ողբացեալ ամուսնոյն՝ Տոքթ. Յարութիւն Կարեւորեանի կենսագրութիւնը ու յատկապէս իր բերած նպաստը հայ գրականութեան ու մշակոյթին։ Ապա, ֆրանսերէն լեզուով խօսք առնելով Նորին Սրբութիւը յիշեց, թէ հայ մշակոյթը տիրական ներկայութիւն եղած է Տոքթ. Կարեւորեանին, ինչպէս նաեւ Տիկ. Վերոնիքի կեանքին մէջ, հակառակ ֆրանսացի ըլլալուն։  Ան յայտնեց, որ որպէս յիշատակ իր ամուսնոյն, Տիկ. Վերոնիք 750.000 ամերիկեան տոլարի գումարով հիմնադրամ մը հաստատած է Կաթողիկոսարանէն ներս, որուն նպատակը պիտի ըլլայ քաջալերել հայ-ֆրանսական մշակութային յարաբերութիւնը, ինչպէս նաեւ ֆրանսերէն լեզուի ուսուցման առնչուած ծրագիրները։

 

Յայտնենք, որ սոյն հիմնադրամի յանձնախումբին մաս կը կազմեն Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Տիկ. Վերոնիք Կարեւորեան եւ Միմի Եոզկաթեան։

More News