18 December, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԱՍՊԵՏ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ՆԱԶԱՐԷԹ ԵՒ ՊԵՏԻԿ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

 

Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2017-ին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Վեհարանի Դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի ատեանին վերանորոգման բարերարութիւնը ստանձնած Տիարք Նազարէթ եւ Պետիկ Սապունճեան եղբայրներու պարգեւատրումը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի շքանշանով։

 

Այս առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, գնահատեց Սապունճեան եղբայրներուն նախաձեռնութիւնը։ Հայրապետը նշեց, որ Սապունճեան եղբայրները, Հալէպէն մինչեւ Լիբանան, զանազան կերպերով, օգտակար հանդիսացած են մեր եկեղեցւոյ ու ազգին։ Անոնց կեանքին մէջ եկեղեցին եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, մնայուն ներկայութիւն եղած է եւ անցնող տարիներու ընթացքին զանազան ձեւերով անոնք ներդրումը բերած են եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ յատկապէս շեշտեց. «Իսկական ծառայութիւնը քանակ, չափ կամ ձեւ չի ճանչնար։ Երբ ծառայութեան մէջ մեր հոգին ու մեր անձը կը դնենք, այդ ժամանակ ծառայութիւնը իր լիարժէք իմաստը կը ստանայ»։

 

Պատգամի աւարտին ընթերցուեցաւ Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակը ու ապա Վեհափառ Հայրապետը  Սապունճեան եղբայրներուն կուրծքերը զարդարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի շքանշանով, որմէ ետք խօսք առնելով Նազարէթ Սապունճեանը իր եւ իր եղբօր ու Սապունճեան ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Հայրապետին։

More News