15 December, 2017

Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

 

Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետ մեր եկեղեցւոյ ամէնէն սիրելի սուրբերէն մէկն է։ Անոր տօնը կը նշուի 12-18 Դեկտեմբերի զուգադիպող շաբաթ օրը։ Այս տարի Ս. Յակոբ Մծբնացիի տօնը կը զուգադիպի 16 Դեկտեմբեր 2017-ին.։ Այս առիթով, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ նախատօնակ։ Արարողութեան ընթացքին դուրս բերուեցան Կաթողիկոսարանիս «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած Ս. Յակոբ Մծբնացիին ու Ս. Նիկողայոս Սքանչելագործին մասունքները, որոնցմով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Անդաստանի արարողութիւն։

 

Շարականներու եւ աղօթքներու երգեցողութեամբ, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը «յաղթող եւ սուրբ հայրապետ»ին դիմեց, հայցեց անոր օրհնութիւնը, բժշկութիւն եւ բարեխօսութիւն աղերսեց ու աղօթեց՝ ըսելով. «Կ՚աղաչենք՝ անոր միջոցաւ երկրի վրայ հիւանդները հրաշքով բժշկէ, ան աշխարհին պարծանքն է եւ մեզի՝ բարեխօս»։

 

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր հայրապետական պատգամը։ Նորին Սրբութիւնը հաւատացեալ ժողովուրդին յայտնեց, որ անոնց ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կ՚իմաստաւորուի։ Ան ընդգծեց, որ այստեղ հաւաքուած բազմութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է ժողովուրդին ու մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ տակաւ աճող հայկական ու եկեղեցական արժէքներուն հետաքրքրութեան ու գիտակցութեան։ Հայրապետը նշեց, որ Ս. Յակոբ Մծբնացին հոգեկան արժէքներու աղբիւր եւ բարեպաշտութեան մղիչ ուժ տուող եղած է եւ անոր համար մեր ժողովուրդը կապուած է այս Սուրբին։ Հայրապետը իր պատգամը աւարտեց աղօթելով, որ Ս. Յակոբ Հայրապետին ճամբով Աստուած դարման տայ ցաւերուն, բժշկութիւն պարգեւէ հիւանդներուն եւ յաջողութեամբ օրհնէ բոլոր բարի գործերը։

 

Յայտնենք, որ սուրբերուն մասունքները ժողովուրդին տրամադրութեան տակ պիտի մնան մինչեւ գիշերուան ժամը 10:00։

More News