12 Դեկտեմբերի, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԻՇԽԱՆ»-Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Երկուշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Կիպրոսի նախագահական պալատին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսը։

Պարգեւատրումէն առաջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Նորին Սրբութեան եւ Նախագահին միջեւ՝ ներկայութեամբ Կիպրոսի Հայոց Կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, Կիպրոսի հայոց պետական ներկայացուցիչ՝ Վարդգէս Մահտեսեանի, ինչպէս նաեւ Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կազմող ազգային բարերար՝ Հրայր Սարգիսեանի եւ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Կիպրոսի հայութեան, Լիբանան-Կիպրոս յարաբերութեան, հայ ու կիպրացի ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր։

Ապա՝ նախագահն ու Հայրապետը ուղղուեցան դէպի նախագահական ապարանքին կից գտնուող հանդիսասրահը, ուր տեղի ունեցաւ հայկական մշակութային երեկոյ՝ ներկայութեամ՝ Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահին, Կիպրոսի մէջ զանազան երկիրներու դեսպաններու,  երեսփոխաններու, հոգեւոր առաջնորդներու եւ աւելի քան 500 կիպրահայերու։

Մշակութային ձեռնարկէն առաջ, յաջորդաբար խօսք առաւ փոքրամասնութեանց նախարարը, որ նախագահին անունով ողջունեց Վեհափառ Հայրապետը, պաշտօնական հիւրերը եւ Կիպրոսի հայ համայնքը։ Խօսք առաւ նաեւ կիպրահայութեան ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը, որ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Կիպրոսի կառավարութեան՝ հայ համայնքին կրթական ու գաղութային ծրագիրներուն ցուցաբերած նեցուկին համար։

Վերջապէս, խօսք առաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ անգամ մը եւս կը գտնուի Բառնաբաս առաքեալին կողմէ քրիստոնէութեան հունտը ցանուած Կիպրոսի օրհնեալ հողին վրայ։ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Կիպրոսի կարեւոր դերին՝ Մերձաւոր Արեւելքի պատմութեան, յատկապէս տնտեսական ու մշակութային բնագաւառներուն մէջ։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ հայ ու կիպրացի ժողովուրդներու ու եկեղեցիներու սերտ գործակցութեան, Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան ժամանակներէն սկսեալ, որ այսօր եւս կը շարունակուի՝ շրջանային ու միջազգային հարցերու նկատմամբ որդեգրուած միացեալ կեցուածքներու ու մօտեցումներու ճամբով։ Անդրադառնալով ներկայ աշխարհը, մանաւանդ Միջին Արեւելքը դիմագրաւող խնդիրներուն, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ «կը մերժենք բռնատիրական միջոցներով ու զէնքի ոյժով կացութիւններ պարտադրելու մօտեցումները եւ անարդար գրաւումներու օրինականացումը, ինչպէս՝ թրքական բանակին կողմէ Կիպրոսի գրաւումը եւ Երուսաղէմի հռչակումը որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք»։ Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց հայ համայնքին նկատմամբ Կիպրոսի նախագահին ու կառավարութեան ցուցաբերած հոգածութեան եւ որպէս իր սիրոյ ու գնահատանքի արտայայտութիւն, Հայրապետը նախագահին պարգեւատրեց «Կիլիկեան Իշխան»-ի շքանշանով։

Շքանշանը ստանալէ ետք խօսք առաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը, որ իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց իր անձին նկատմամբ ցուցաբերուած սիրոյն ու յարգանքին համար։ Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կիպրահայ համայնքի զաւակներուն՝ զանոնք նկատելով պարկեշտ ու աշխատասէր անդամները Կիպրոսի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ վեր առաւ կիպրահայերուն մասնակցութիւնը Կիպրոսի յառաջդիմութեան ու զարգացման աշխատանքներուն։

Արտասանուած խօսքերէն ետք, կիպրահայ գաղութի մայր եկեղեցին ու զանազան կազմակերպութիւնները ներկայացնող երգչախումբեր ու պարախումբեր գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուցին ներկաներուն՝ գեղեցկօրէն պարզելով մեր մշակութային արժէքները եւ արժանացան ներկաներուն ջերմ գնահատանքին։

Նախագահական ապարանքէն Վեհափառ Հայրապետը ուղղուեցաւ Պատրիարքարան, ուր ջերմօրէն ընդունուեցաւ Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Խրիսոսթոմոս Բ. Արքեպիսկոպոսին կողմէ։ Հանդիպումին ներկայ էին Կիպրոսի հայոց Կաթողիկոսական փոխանորդը, պետական ներկայացուցիչը, Հայրապետին ընկերացող պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի թեմի Ազգային վարչութեան ու Երեսփոխանական ժողովին ատենապետները։ Շուրջ կէս ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան Երուսաղէմի հարցը եւ ուղղափառ եկեղեցիներուն յարաբերութիւնները աւելի զարգացնելու կարելիութիւնները։

Յայտնենք, որ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, յատուկ օդանաւով Նորին Սրբութիւնը ժամանած էր Կիպրոս եւ նոյն գիշերը ժամը 11:00-ին` վերադարձած Անթիլիասի Մայրավանք։

More News