9 Դեկտեմբերի, 2017

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԼՈՒՏԵՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՈՒՆԱՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

9 Դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Երուսաղէմի լուտերական եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Մունիպ Եունանը։ Արդարեւ, Երուսաղէմի լուտերական եկեղեցւոյ երկար տարիներու առաջնորդը եւ լուտերական եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ Եունան եպիսկոպոս Երուսաղէմէն ուղղակի եկած էր Վեհափառ Հայրապետին մօտ, խորհրդակցելու Երուսաղէմի հարցին շուրջ ստեղծուած տագնապին գծով։

 

Երկար խորհրդակցութենէ ետք, որոշուեցաւ թելադրել Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու Խորհուրդին, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական այլ կեդրոներուն, յայտարարութիւն կատարելէ անդին յատուկ պատուիրակութիւններ ղրկել Երուսաղէմ՝ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու Երուսաղէմի եկեղեցիներուն, եւ միւս կողմէ՝  պատուիրակութիւններ ղրկել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ իրենց ընդվզումը արտայայտելու նախագահին՝ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատելու որոշման գծով։

 

Նորին Սրբութիւնն ու Եունան եպիսկոպոսը շեշտեցին, թէ Երուսաղէմի հարցին շուրջ քրիստոնէական եկեղեցիներուն մօտեցումը պէտք է հիմնուի երկու սկզբունքներու վրայ՝ ա) Երուսաղէմի պատկանելիութեան հարցի քննարկում պէտք է կատարուի խաղաղութեան գործընթացքի ծիրէն ներս. բ) միաստուածեան երեք կրօններուն պատմական իրաւասութիւնները հարկ է որ պաշտպանուին Երուսաղէմէն ներս։

More News