9 Դեկտեմբերի, 2017

ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԱՌԱՆՁԻՆ ՆԻՍՏ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ

Նկատի ունենալով, որ վերանորոգումը կ՚իրականանայ միայն երիտասարդ ոգիով օժտուած մարդուժով, Ազգային ընդհանուր ժողովը առանձին նիստ տրամադրած էր երիտասարդներուն՝ լսելու անոնց մտահոգութիւնները, եկեղեցիէն ակնկալութիւնները, մարտահրաւէրներն ու առաջարկները։

 

Այս նիստին հանդէս եկան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Նշան Վրդ. Լախոյեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն օրիորդ Անի Նաճարեան, Նոր Ջուղայէն տիար Արիս Դաւթեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմէն օրիորդ Թամար Քանարեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմէն օրիորդ Գառնի Արմէնեան։

 

Հոգշ. Տ. Նշան վրդ. Լախոյեան նշեց Երիտասարդական բաժանմունքին նպատակը, առաքելութիւնը եւ տեսիլքը ու հակիրճ կերպով ներկայացուց բաժանմունքին քառամեայ գործունէութիւնը։ Հայր սուրբը նշեց, որ Երիտասարդական բաժանմունքը հարթակ հանդիսացած է Կաթողիկոսարանիս թեմերու երիտասարդներուն լսելու ու ծանօթանալու սփիւռքի տարբեր գաղութներուն եւ առիթ տուած է ըստ այնմ ծրագիրներ մշակել։ Հայր սուրբը յայտնեց, որ միջթեմական համագումարները ընթացք տուած են սփիւռքեան մակարդակի երիտասարդական ցանցի ստեղծման:

 

Անի Նաճարեան, նշեց, որ Ապու Տապի, Տուպայ եւ Հիւսիսային Էմիրութիւններ եւ Քաթար շրջանները ընդգրկող թեմը պետական ու քաղաքական պայմաններու տակ կը մնայ սահմանափակ գործելադաշտով։ Խօսելով մարտահրաւէրներուն մասին, Նաճարեան ընդգծեց, որ ղեկավարութիւնները չեն վստահիր երիտասարդ մարդուժին, իսկ մատը վերքին դնելով յայտնեց, որ ընդհանրապէս հայ երիտասարդութեան համար կը բացակային օրինակելի ու տիպար ղեկավարներ ու իտէալներ։

 

Սպահանի թեմէն Արիս Դաւթեան ներկայացուց իրանահայ երիտասարդութեան իրավիճակը, որ իւրայատուկ է միւս գաղութներէն իր աշխուժ մասնացութեամբ։ Նկատի ունենալով Իրանի պայամանները, Իրանի հայ երիտասարդները կը համախմբուին համայնքի հասարակական կեանքին, ազգային-հոգեւոր ձեռնարկներուն եւ կառոյցներուն շուրջ, սակայն կը մնան երկրին ընկերատնտեսական ու քաղաքական վիճակներուն ազդեցութեան տակ։

 

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի պատկերը փոխանցեց Թամար Քանարեան: Ան խօսեցաւ երիտասարդութիւն-ղեկավար մարմին յարաբերութեան մասին։ Դարուս արհեստագիտական արագընթաց փոփոխութիւններուն մէջ յաճախ կը մերժուին նորարարութիւնները, յայտնեց ան, ինչ որ կը հեռացնէ երիտասարդը եկեղեցիէն, երբ վերջինս կը տեսնէ, թէ ընելիք չունի։ Մարդուժ պատրաստելու գծով, Քանարեան եւս կարեւորեց երեց սերունդին վստահութիւն տալը երիտասարդութեան:

 

Իսկ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմէն Գառնի Արմէնեան իր փորձառութիւնը պատմելով մատնանշեց այն գործունէութիւնները, որոնք նպաստած են երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ մօտ պահելու, ի մասնաւորի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին տուած Արեւելեան թեմ այցելութիւնը եւ Հ.Յ.Դ.-ի բանակումին ներկայութիւնը: Ան ըսաւ, որ եկեղեցին ու ղեկավարութիւնը պէտք է երթայ, ուր որ երիտասարդութիւնը արդէն կը գտնուի, թէ՛ ֆիզիքապէս, թէ՛ մտապէս:  

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ խօսքը ուղղելով Ազգային ընդհանուր ժողովին նշեց, որ երիտասարդութեան մտահոգութիւններն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները առաջնահերթութիւն են եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ, արդ, մերժելի է երիտասարդութիւնը լուսանցքի մէջ պահելու տրամադրութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս մատնանշեց եկեղեցին ժողովուրդին տանելու եւ պատերէն դուրս հանելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ մեր կառոյցները «շէնք»-ի գաղափարէն ազատագրելն ու անոնց գոյութիւնը գործնականացնելը։ Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ մեր ձեռնարկները պէտք է գործնական ուղղուածութիւն ունենան։  

 

 

 

More News