30 November, 2017

ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

 

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, 5-8 Դեկտեմբեր 2017-ին տեղի պիտի ունենայ Ազգային Ընդհանուր Ժողովը: Չորս տարին անգամ մը գումարուող այս ժողովին պիտի մասնակցին Կաթողիկոսութեանս թեմակալ առաջնորդները, ինչպէս նաեւ թեմերէն ժամանած շուրջ 100 պատգամաւորներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:

 

Չորս օրերու վրայ երկարող Ազգային Ընդհանուր Ժողովը ընթացք պիտի առնէ Վեհափառ Հայրապետին պատգամով, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն գործունէութեան քառամեայ տեղեկագիրներու զեկուցում եւ քննարկում: Ժողովի օրակարգերուն մէջ առանցքային տեղ պիտի գրաւեն կրօնական ու հայեցի դաստիարակութիւնը, երիտասարդութիւնը, պահանջատիրութիւնը, Սփիւռքի վերակազմաւորումը եւ Սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւնը։

 

Ազգային Ընդհանուր Ժողովի աւարտին տեղի պիտի ունենայ Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու ընտրութիւն եւ Կաթողիկոսարանիս առաքելութիւնը նոր թափով շարունակելու ծրագիրներու մշակում։

More News