28 Նոյեմբերի, 2017

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՍՊԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, 28 Նոյեմբեր 2017-ի առաւօտուն, ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Սպանիոյ դեսպան՝ Ժօզէ Մարիա Ֆերրէի։
 
 
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր։ Յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը առաւել ամրապնդելու հրամայականը։ Հանդիպումը առիթ եղաւ նաեւ անդրադարձ կատարելու վերջին տասնամեակներուն Սպանիա հաստատուած հայ համայնքին մասին եւ Նորին Սրբութիւնը այս առիթով իր գնահատանքը յայտնեց հայ համայնքին նկատմամբ Սպանիոյ պետութեան ցուցաբերած յատուկ ուշադրութեան համար։

More News