21 November, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՆԱՏԱԿԱՆ-ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Այս առաւօտ, 21 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը գանատական-լիբանանեան համալսարանի նախագահ՝ Քրիստիէն Պու Նախըլը։ Համալսարանի նախագահը Նորին Սրբութեան պարզեց ակադեմական մարզէն ներս համալսարանին կատարած աշխատանքները ու յառաջիկայ ծրագիրները։

 

Վեհափառ Հայրապետը համալսարանական կեանքէն ներս իր ունեցած լայն փորձառութեամբ, իր գնահատանքին առընթեր, իր թելադրութիւնները կատարեց համալսարանէն ներս հաստատուած շարք մը դասընթացքներուն տարբեր ձեւով մօտենալու անհրաժեշտութիւնը՝ նկատի ունենալով համաշխարհայնացած աշխարհէն ներս ընկերութեան դիմագրաւած հարցերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ներքին յարակցութիւնը։ Հայրապետը միաժամանակ շեշտեց արեւմտեան համալսարաններուն հետ գործակցութեան կարեւորութիւնը։

More News