21 November, 2017

ԻՏԱԼԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆՆԵՐԸ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

 

«Մետիասեթ կրուփ»-ը «Էքս. սթայլ» պատկերասփիւռի ծրագիրին ընդմէջէն ներկայացուցած է տեղեկատւութիւն մը Լիբանանի եւ անոր մայրաքաղաքին մասին` լայն տեղ յատկացնելով հայութեան վերաբերող բաժինին: Իտալացի լրագրողներ՝ Թիզիանա Քափրիոնի եւ Ռաֆայէլա Պիանչի Լիբանան ժամանեցին եւ նիւթեր հաւաքեցին այս ծրագիրին համար:

 

Այս ծիրէն ներս անոնք նաեւ այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանք, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, ինչպէս նաեւ հարցազրոյց մը ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։ Վեհափառ Հայրապետին հարցազրոյցին ճամբով անոնք լուսարձակի տակ առին Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

More News