21 November, 2017

ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԻՒՐԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

 

17-19 Նոյեմբեր 2017-ին, Շուէտի «Ալեքսանտրիա» հաստատութեան կազմակերպութեամբ, Լիբանանի Ճիպէյլ քաղաքին մէջ կայացաւ միջազգային ժողով մը  “Perspectives on the Role of Religion in Diplomacy, Foreign Policy and International Affairs” նիւթով: Սոյն ժողովին եւ կլոր սեղանի զրոյցներուն հրաւիրուած էին նաեւ Կիպրոսի Religious Track of the Cyprus Peace Process Under the Auspices of the Embassy of Sweden-ի գրասենեակն ու հոգեւոր առաջնորդներէն թուրք Մուֆթի՝ Թալիբ Աթալլան, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան: Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ իսլամ կրօնապետեր, պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, դեսպաններ, զանազան երկիրներու խորհրդարանի անդամներ, մտաւորականներ, թղթակիցներ, համալսարանի դասախօսներ եւ դիւանագէտներ՝ Իրաքէն, Ալճերիայէն, Թունիսէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն, Իրանէն, Թուրքիայէն, Կիպրոսէն, Շուէտէն, Ֆինլանտայէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն:

 

Բոլոր հրաւիրեալները օրակարգի հիման վրայ ելոյթներ ունեցան իրենց երկիրներու կամ մասնաւոր հարցերու մասին եւ քննարկումներէն ետք պատասխանեցին իրենց ուղղուած հարցումներուն: Կլոր սեղանի նիւթերը նպաստեցին կրօնական գրագիտութեան եւ դիւանագիտութեան շուրջ քննարկումներու, որոնք հետաքրքրական երկխօսութեան ճամբով արծարծեցին հարցերը միջազգային արտաքին քաղաքականութեան եւ տագնապալի խնդիրներու մէջէն դիտուած: Փաստօրէն քննարկումներէն ի յայտ եկաւ այն ճշմարտութիւնն ու հարցերու բարդութիւնը, թէ ինչպէս հասարակութեան կրօնական եւ ոչ-կրօնական աշխարհահայեացքները կրնան ներգրաւուիլ քաղաքականութեան մշակման համար եւ կամ ճիշդ հակառակը: Կլոր սեղանի քննարկումները,  որոնք տրամադրուած էին Շուէտի «Ալեքսանտրիա» հաստատութեան եւ  “Forward Thinking” Մարմնին կողմէ, մաս պիտի կազմեն Հելսինկեան քաղաքականութեան ֆորումին «Կրօնական գրագիտութիւն, արտաքին քաղաքականութիւն եւ դիւանագիտութիւն» թեմայով: Հելսինկեան քաղաքականութեան ֆորումը, համագործակցաբար վերեւ նշուած երկու հաստատութեանց, նպատակ ունի ապահովել անվտանգ տարածք ու կարծիքներու անկեղծ փոխանակում Միջին Արեւելքի, Ծոցի երկիրներու եւ արեւմտեան պետութիւններու միջեւ, ծանրանալով անոնց մարտահրաւէրներուն եւ հնարաւորութիւններուն վրայ:

 

Կիպրոսի հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդի փափաքին ընդառաջելով, բոլոր ժողովականները Կիրակի 19 Նոյեմբերին այցելեցին Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը: Իսկ նոյն օրը կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Religious Track-ի դիւանն ու Սրբազան Հայրը պաշտօնական առաջին հանդիպումը ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ:

More News